image

Աւարտին հասաւ նախագահի ընտրութեան 13-րդ նիստը. Ոչ մէկ թեկնածու կարողացաւ ընտրուիլ

 Աւարտին հասաւ նախագահի ընտրութեան 13-րդ  նիստը. Ոչ մէկ թեկնածու կարողացաւ ընտրուիլ

Աւարտին հասաւ Լիբանանի նախագահի ընտրութեան հերթական նիստը։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ լիբանանեան լրասփիւռներէ։

Կը նշուի, որ երկու թեկնածուներէն ոչ մէկը կարողացաւ ապահովել նախագահի ընտրութեան համար պիտանի քուէները։ 

Ընտրութիւններէն ետք խորհրդարանի հաշուիչ յանձնախումբը հաշուելէ ետք քուէները արդիւնքները փոխանցեց Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիին, իսկ Պըրիի յայտարարեց հետեւեալ արդիւնքները ՝

Սուլայման Ֆրանժիյէ 51 ձայն, Ժիհատ Ազհուր 59 ձայն։ 

 Մինչեւ  արդիւնքներուն յայտարարուիլը մեծ թիւով երեսփոխաններ լքեցին դահլիճը, ուրուն հետեւանքով ալ անհնարին դարձաւ երկրորդ նիստ մը գումարելու հնարաւորութիւնը։