Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը հրապարակած է Արցախի նախկին նախագահներ Բակօ Սահակեանը, Արկադի Ղուկասեանը եւ ԱԺ նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը ձերբակալելու քատրերը։
Հաղորդուած է, որ անոնք կը մեղադրուին «ահաբեկչութեան» համար:
Յիշեցնենք, որ անոնք դատապարտուած են չորս ամսուան կալանքի: