Միացեալ Նահանգները, Իրանը եւ անոնց տարածաշրջանային գործընկերները համաձայնած են անմիջապէս դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները եւ յառաջիկայ 60 օրուան ընթացքին հասնիլ վերջնական խաղաղութեան համաձայնագրի։ Այս մասին կը հաղորդէ Bloomberg-ը՝ յղում կատարելով իր ձեռքը հասած փոխըմբռնման յուշագիրի (MoU) վերջնական նախագիծին։
Հրապարակման համաձայն՝ յուշագիրի առաջին կէտին մէջ նշուած է, որ պատերազմը կ՚աւարտի «բոլոր ճակատներուն վրայ» (on all fronts), եւ բոլոր կողմերը կը պարտաւորուին զերծ մնալ թշնամական գործողութիւններէ եւ սպառնալիքներէ։
Reuters-ի հաղորդմամբ՝ յուշագիրը նախատեսուած է ստորագրել այս ուրբաթ Զուիցերիոյ մէջ, որմէ ետք այն պիտի հրապարակուի։ Փաքիստանի վարչապետ Շեհպազ Շարիֆ յայտարարած է, որ կողմերը համաձայնած են ռազմական գործողութիւններու «անմիջական եւ մշտական» դադրեցման շուրջ։
Յուշագիրի համաձայն՝ Միացեալ Նահանգները ստորագրումէն անմիջապէս ետք պիտի դադրեցնէ Իրանի նաւահանգիստներու շրջափակումը, իսկ Հորմուզի նեղուցը պիտի վերաբացուի առեւտրային նաւերու համար։ Իրանը, իր կարգին, կը պարտաւորուի 30 օրուան ընթացքին վերականգնել նաւարկութեան բնականոն ընթացքը եւ վերացնել պատերազմի ընթացքին ստեղծուած խոչընդոտները։
Միջուկային հարցը ձգուած է հետագայ բանակցութիւններուն։ Իրանը վերահաստատած է, որ երբեք պիտի չարտադրէ եւ ձեռք պիտի չբերէ միջուկային զէնք, սակայն հարստացուած ուրանի պաշարներու վերջնական ճակատագիրը պէտք է որոշուի ապագայ համապարփակ համաձայնագիրով։ Մինչ այդ, Թեհրանը պիտի սառեցնէ իր միջուկային ծրագիրի ընդլայնումը, իսկ Ուաշինկթըն նոր պատժամիջոցներ պիտի չսահմանէ։
Bloomberg-ի տուեալներով՝ փաստաթուղթը Իրանի համար կը նախատեսէ զգալի ֆինանսական արտօնութիւններ։ Ատոնք կը ներառեն իրանական քարիւղի վաճառքի սահմանափակումներու անյապաղ մեղմացում, սառեցուած միջոցներու հասանելիութիւն եւ մինչեւ 300 միլիառ տոլարի զարգացման հիմնադրամի ստեղծում։
Reuters-ը կը հաղորդէ, որ այդ հիմնադրամը պիտի ըլլայ մասնաւոր ներդրումային մեխանիզմ, եւ ատոր 150 միլիառ տոլարէն աւելին արդէն իսկ ապահովուած է նախնական պարտաւորութիւններու ձեւով՝ Միացեալ Նահանգներէն, Պարսից Ծոցի երկիրներէն, Ասիայէն, Հարաւային Ամերիկայէն եւ Ափրիկէէն եկող ընկերութիւններու կողմէ։ Հիմնադրամը պիտի սկսի գործել միայն վերջնական համաձայնագիրի ստորագրումէն ետք։
Յուշագիրի համաձայն՝ յառաջիկայ 60 օրերու ընթացքին կողմերը պիտի բանակցին միջուկային ծրագիրի, պատժամիջոցներու վերացման եւ շրջանային անվտանգութեան հարցերու շուրջ։ Վերջնական համաձայնագիրը նախատեսուած է ամրագրել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի պարտադիր ուժ ունեցող բանաձեւով։
«Բոլոր ճակատներուն վրայ» ձեւակերպումը յատկապէս ուշադրութիւն գրաւած է Իսրայէլի մէջ, քանի որ այն կրնայ վերաբերիլ ոչ միայն Միացեալ Նահանգներ-Իրան հակամարտութեան, այլեւ Իրանի հետ առնչուող այլ շրջանային թատերաբեմերու, ներառեալ Լիբանանը։ Reuters-ի հաղորդմամբ՝ Իրանի եւ Փաքիստանի պաշտօնեաները յայտարարած են, որ ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը կը տարածուի նաեւ լիբանանեան ճակատին վրայ, թէեւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարած է, որ իրենց ուժերը պիտի շարունակեն մնալ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Կազայի մէջ իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող անվտանգութեան գօտիներուն մէջ։