Արցախի Հադրութի շրջանի Մոխրենես գիւղին մէջ ատրպէյճանցիները քանդած են հայկական Սուրբ Սարգիս եկեղեցին (18-19 դդ.), գիւղը նոյնպէս մեծ աւերածութիւններու ենթարկուած է: Այս մասին կ՛ըսուի Caucasus Heritage Watch-ի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Caucasus Heritage Watch-ը օգտագործած է արբանեակային պատկերներ՝ արձանագրելու հայկական մշակութային ժառանգութեան ճակատագիրը։
Սուրբ Սարգիսի աւերումը 2021 թուականին Արդարադատութեան միջազգային դատարանի միջանկեալ միջոցի, որ պարտաւորած էր Ատրպէյճանը «պատժել ես կանխել հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ վանդալիզմի ու պղծման գործողութիւնները», առաջին խոշոր խախտումն է։
Արբանեակային պատկերները ցոյց կու տան, որ Սուրբ Սարգիսը աւերուած է 2022 թուականի մարտէն յուլիսն ինկած ժամանակահատուածին։
Մարտ ամսուն արբանեակային պատկերին մէջ եկեղեցին դժուար է տարբերել հողի մակերեսէն տանիքի բուսականութեան պատճառով: Բայց տանիքի ուրուագծերը կ'երեւին, իսկ շրջակայ գիւղը անձեռնմխելի է։