Գամիշլիի Ս. Յակոբ Մծբնացի մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած երկու ձեռնարկներու առիթով, Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան իր մասնակցութիւնը բերաւ հոգեւոր եւ տօնական արարողութիւններուն՝ իր հետ բերելով նաեւ Սուրբ Յակոբեանց եւ Սուրբ Գէորգի մասունքները։
Այցելութիւնը առիթ դարձաւ անգամ մը եւս ընդգծելու Հայ Առաքելական եւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ պատմական եղբայրական կապը, փոխադարձ յարգանքն ու գործակցութեան ոգին։
5-6 Սեպտեմբեր 2026-ին, Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, ընկերակցութեամբ Արժն. Տ. Պսակ Քհյն. Պէրպէրեանին եւ Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութեան ներկայացուցիչ Տիար Ապտուլահատ Տօնապետեանին, մասնակցեցաւ Ս. Յակոբ Մծբնացի մայր տաճարի կազմակերպած երկու ձեռնարկներուն։
Ձեռնարկները նուիրուած էին Սուրբ Իւղի հեղման 90-ամեակի յիշատակին եւ Ս. Յակոբ Մծբնացի մայր տաճարի հարիւրամեակի ձեռնարկներու աւարտին։
Առաջին օրը տեղի ունեցաւ «Սուրիացիները… լոյս եւ հաւատք» խորագրով հոգեւոր-երաժշտական երեկոյ մը, որուն մասնակցեցան Հալէպի թեմէն «Քնար Սուրբ Հոգի» երգչախումբը եւ «Մար Ափրամ» մանուկներու խումբը։ Երեկոյեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Մար Մորիս Ամսիհ՝ Ճէզիրէի եւ Եփրատի թեմի առաջնորդ, եւ Մար Տիմոթէոս Մատթա Խուրի՝ Հոմսի, Համայի եւ շրջակայքի թեմի առաջնորդ, հոգեւոր հայրեր եւ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներ։
Յաջորդ օրը մատուցուեցաւ տօնական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որ նախագահեցին Մար Մորիս Ամսիհ եւ Մար Տիմոթէոս Մատթա Խուրի։ Սուրբ Պատարագին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան։
Այս առիթով, Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդը իր հետ բերած էր Սուրբ Յակոբեանց մասունքը եւ Սուրբ Գէորգի մասունքը, որոնք Պատարագի ընթացքին ներկայացուեցան հաւատացեալներու երկրպագութեան եւ օրհնութեան համար։
Պատարագէն ետք, Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Ահոն Հայր Սուրբին նուիրեց գեղեցիկ ասա մը՝ ի յիշատակ այս եղբայրական այցելութեան եւ երկու եկեղեցիներու միջեւ եղած հոգեւոր կապին ու գործակցութեան։
Սոյն այցելութիւնը եւ մասնակցութիւնը անգամ մը եւս կը հաստատեն Հայ Առաքելական եւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցիներուն միջեւ եղբայրական յարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութեան ոգին։



