Արցախի Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութենէն կը տեղեկացնեն, որ Փետրուար 15-ին ոստիկանութեան Ասկերանի շրջանային բաժին հաղորդում ստացուած է` Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու կողմէ հրադադարի խախտման եւ խաղաղ բնակչութիւնը հերթական անգամ թիրախաւորելու վերաբերեալ:
Ստացուած տեղեկութիւններու ստուգման արդիւնքով, Ասկերանի շրջանային բաժնի ծառայողները պարզած են, որ նոյն օրը ժամը 15:30-ի սահմաններուն Խրամորթ գիւղի վարչական տարածքին Խնապատ գիւղի բնակիչ Կ.Մ. (ծնած 1983թ.) թրաքթորով հերկ կատարելու ժամանակ, հակառակորդի մարտական դիրքէն անոր ուղղութեամբ արձակուած կրակոցներէն վնասուած է թրաքթորի ետեւի անուադողը:
Բաժնի պետ Արման Սարուխանեանի գլխաւորութեամբ դէպքի վայր մեկնած են շրջանի բաժնի ծառայողներն ու ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ներկայացուցիչները:
Կը նախապատրաստուին նիւթեր` քրէական գործ յարուցելու համար: