Այսօր Լաչինի միջանցքին մէջ ապօրինի տեղակայուած ատրպէյճանական անցակէտին վրայ «Կարմիր խաչի» ուղեկցութեամբ Արցախէն ՀՀ եկող քաղաքացիներէն մէկէն ատրպէյճանցի սահմանապահները թանկարժէք ձեռագործ նարտի գրաւած են։
Այս մասին յայտնած է «Инфотека24» թելեկրամեան ալիքը՝ վկայակոչելով Արցախի Հանրապետութեան Հանրային խորհուրդի նախագահ Արմէն Գէորգեանը:
Նշուած է, որ նարտին կը գնահատուի շուրջ 5-6 հազար ամերիկեան տոլար։
Նարտիի վրայ փորագրուած եղած է «Արցախ» գրութիւնը եւ «Մենք ենք, մեր սարերը» (Տատիկ-պապիկ) յուշարձանը։ Բացի այդ, ներսի կողմը պատկերուած է Արցախի զինանշանը։ Կ'ենթադրուի, որ այդ հանդիսացած է թանկարժէք նարտիի գրաւման պատճառ։
Տեսանիւթը՝ այստեղ։