image

Ատրպէյճանցի պատգամաւորներ այցելած են Երեւանի «կապոյտ մզկիթ» եւ այն համարած ատրպէյճանական

Ատրպէյճանցի պատգամաւորներ այցելած են Երեւանի «կապոյտ մզկիթ» եւ այն  համարած  ատրպէյճանական

«Եւրոնեսթ»ի խորհրդարանական վեհաժողովին մասնակցելու նպատակով Երեւան գտնուող ատրպէյճանցի պատգամաւորներ Սոլթան Մամետովն ու Թաիր Միրքիշիլին այցելած են Մաշտոցի պողոտային վրայ գտնուող իրանեան Կապոյտ մզկիթ եւ այն անուանած են «ատրպէյճանական»:

«Մենք այցելած ենք Կապոյտ մզկիթ: Որքան որ գիտենք, սա միակ ատրպէյճանական յուշարձանն է, որ պահպանուած է Երեւանի մէջ: Չնայած պատերուն վրայի գրառումները այլ երկրի կը պատկանին, բայց պատերը, ճարտարապետութիւնն ու ոգին միայն մեզի կը պատկանի: Մենք կը հաւատանք, որ օր մը այս մզկիթին իրական տէրերը պիտի կարենան իրենց աղօթքները բարձրացնել: Իսկ ատրպէյճանցիներուն աղօթքները բարի են եւ ի վերջոյ կը կատարուին», ըսած են անոնք: