Ատրպէյճանական ADEX 4-րդ միջազգային պաշտպանական ցուցահանդէսի եւ Securex Caspian 13-րդ միջազգային ցուցահանդէսներու շրջածիրէն ներս Ատրպէյճանը Թուրքիոյ եւ Իսրայելի հետ պայմանագրեր պիտի ստորագրէ նոր զինատեսակներու գնման վերաբերեալ։
Այս մասին ըսած է պաշտպանական արդիւնաբերութեան նախարար Մատաթ Կուլիեւը։
Ան նշած է, որ Ատրպէյճանը պիտի շարունակէ համագործակցութիւնը ինչպէս թրքական, այնպէս ալ իսրայէլեան ընկերութիւններու հետ. «Թուրքիոյ հետ մենք կ'աշխատինք այնպիսի զինատեսակներու ուղղութեամբ, որոնք 10-15 տարի առաջ հաշուարկուած են։ Այսինքն՝ մենք կը նայինք ապագային։ Մենք նոյնիսկ 20 տարի առաջ կը նայինք։ Այդ է պետութեան ղեկավարի հրամանը»։