image

Ատրպէյճան հերթականին պէս սուտ տեղեկութիւններ կը տարածէ

Ատրպէյճան հերթականին պէս սուտ տեղեկութիւններ կը տարածէ

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնն այն մասին, թէ իբր Պաշտպանութեան Բանակի ստորաբաժանումները ներթափանցում կատարած են եւ տեղադրած են ականներ, որու հետեւանքով 10 սեպտեմբերին, ժամը 13։30-ի սահմաններուն, ականապայթումային վիրաւորում ստացած է ատրպէյճանցի զինծառայող, ամբողջութեամբ մտացածին եւ կեղծ է։ Այս մասին յայտնած են Արցախի հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն:

«Ինչպէս արդէն նշել ենք, վերջին շրջանում Ադրբեջանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կտրուկ մեծացրել է ստայօդ հաղորդագրութիւնների հրապարակման յաճախականութիւնը, որոշակիօրէն փոխուել է նաեւ այդ կեղծ հաղորդագրութիւնների բնոյթը. եթէ մինչ այժմ ադրբեջանական կողմը Պաշտպանութեան Բանակին ներկայացնում էր հրադադարը խախտելու կամ զէնք-զինամթերքի փոխադրման կեղծ մեղադրանքներ, ապա այժմ հնչեցնում է դիւերսիոն գործողութիւններ իրականացնելու կամ այդպիսի գործողութիւնների նախապատրաստութիւն կատարելու վերաբերեալ շինծու մեղադրանքներ։

Ադրբեջանի Պաշտպանութեան նախարարութեան նման պնդումները իրականութեան հետ որեւէ աղերս չունեն։ Այդ եղանակով ադրբեջանական կողմն իրականացնում է հերթական սադրանքի տեղեկատուական ակտիւ նախապատրաստութիւն»,- ըսուած է Արցախի հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ։