Վերջերս, մեր հայրենակից՝ Սուրիահայ Յակոբ Յակոբեան ստացած է Աստուածաբանական մագիստրոսի վկայականը, «VERITAS» համալսարանէն։
Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Յակոբի անհատական դիմատետրի էջէն, ուր ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ առաջին հերթին Աստուծոյ, ապա իր ծնողներուն, քոյրերուն, ընկերներուն ու բարեկամներուն։
Յակոբ կ՚ըսէ. «Այս վկայականը կը նուիրեմ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ յատուկ անձերու, որոնք օգնեցին ինձ հասնելու հոս եւ փոփոխութիւն բերելու կեանքիս մէջ»։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է իր կնոջ՝ Անժէլային, որ հաւատացած ու ներշնչած է զինք իրականացնելու իր երազները։ «Քու սէրդ ու քաջալերանքդ իմ ուժն էին։ Շնորհակալ եմ, որ իմ լաւագոյն կէսն ես», ըսած է ան իր տիկնոջ։ Ան նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է իր ծնողներուն, որոնք ուժի ու կորովի աղբիւր եղած են իրեն համար, ինչպէս նաեւ քոյրերուն՝ Միրնային եւ Ժոզլինին, իրենց քաջալերանքին համար։
Աւարտին, Յակոբ մէկ առ մէկ յիշած է իր ընկերները եւ բարեկամները, որոնք աջակցած ու եղած են իր կողքին, եւ մաղթած, որ Աստուած օրհնէ զիրենք։