Քեսապի մէջ, Հայոց Մեծ Եղեռնի 111-ամեակը այս տարի եւս նշուեցաւ խոր յուզումով եւ միասնական ոգեկոչումով։ Ապրիլ 24-ը դարձաւ ոչ միայն սգի, այլ նաեւ յիշողութեան ու պահանջատիրութեան վերահաստատման օր մը։ Քեսապահայութիւնը, եկեղեցական ու հասարակական ներկայացուցիչներով, հաւաքաբար խոնարհեցաւ նահատակներուն յիշատակին առջեւ։
Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2026 թուականին, յետմիջօրէ ժամը 4։00ին, հովանաւորութեամբ Քեսապի Հայ երեք համայնքներուն եւ յատկանշական «Ապրիլեան Կազմակերպող Միացեալ Յանձնախումբ»ի կազմակերպութեամբ, Աւետարանական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիէն ներս, տեղի ունեցաւ Մեծ Եղեռնի 111 Ամեակի ոգեկոչման հանդիսաւորութիւնը։
Հանդիսութեանը ներկայ էին՝ Հոգեշնորհ Հայր Եսայի Վրդ․ Էօրտէքեանը, Հայ Առաքելական Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ, Յարգարժան Պատուելի Շանթ Ակիշեանը, Հայ Աւետարանական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ, Քեսապի նորանշանակ քաղաքապետը՝ Տիար Միշել Չաղլասը, Կուսակցութիւններուն և կրթական ու մշակութային Միութիւններուն ներկայացուցիչներ, եւ հոծ բազմութիւն մը հայորդիներ։
Օրուան հանդիսավարները՝ տիկին Շաղիկ Լնդեան եւ պարոն Անթոնի Քելաղպեանը խնդրեցին բոլոր ներկաներէն մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութիւն պահել ի յարգանք եւ ի յիշատակ Բիւրաւոր Նահատակացն Ազգիս Հայոց։
Բացման խօսքը արտասանեց Հոգեշնորհ Հայր Եսայի Վրդ․ Էօրտէքեանը․ «Սիրելի՛ ներկաներ, Յարգելի՛ հայրեր, քոյրեր եւ եղբայրներ,
Այսօր մենք համախմբուած ենք Ապրիլ 24-ի խոր եւ սրբազան յիշատակին առջեւ։ Այս օրը մեր ժողովուրդին պատմութեան ամենացաւալի էջերէն մէկն է, որովհետեւ այս օրը կը խորհրդանշէ Մեծ Եղեռնի սկիզբը, մեր մտաւորականութեան կոտորածը, մեր ժողովուրդին տեղահանութիւնը եւ մեր ազգին դէմ գործուած մեծ ոճիրը։ Սակայն Ապրիլ 24-ը միայն ողբի եւ արցունքի օր մը չէ։ Ան նաեւ օր մըն է, երբ մենք կը վերահաստատենք, թէ հայ ժողովուրդը չկրցան ոչնչացնել, չկրցան լռեցնել, չկրցան ծնկի բերել։
Մեր նախնիները կորսնցուցին տուն, հող, ընտանիք, բայց չկորսնցուցին հաւատքը։ Անոնք անցան անապատներով, սովով, կոտորածներով, բայց իրենց հոգիին մէջ պահեցին յոյսի կրակը։ Այդ յոյսը դարձաւ նոր կեանք, նոր դպրոց, նոր եկեղեցի, նոր ընտանիք, նոր սերունդ։ Այդ յոյսին շնորհիւ մենք այսօր այստեղ ենք՝ հայերէն խօսելով, հայ անունը պահելով եւ մեր նահատակներուն յիշատակը կենդանի պահելով։
Այսօր, երբ աշխարհի տարբեր ծագերուն մէջ հայութիւնը մէկ սիրտով կը յիշէ իր նահատակները, մենք նաեւ մէկ կամքով պէտք է երդուինք՝ շարունակել մեր պայքարը։ Պայքար՝ Մեծ Եղեռնի ճանաչման համար, պայքար՝ պատմական ճշմարտութեան համար, պայքար՝ հայրենիքի անվտանգութեան համար, պայքար՝ ազգային միասնականութեան համար։ Որովհետեւ ժողովուրդ մը, որ կը մոռնայ իր անցեալը, չի կրնար ապահովել իր ապագան։
Ապրիլ 24-ը մեզ կը կանչէ ոչ միայն սգալու, այլ զարթնելու։ Մեզ կը կանչէ չյուսահատելու, չբաժնուելու, չնահանջելու։ Մեզ կը յիշեցնէ, որ մեր նահատակներուն կտակը ուժեղ Հայաստան, ամուր Սփիւռք եւ միասնական ժողովուրդ ունենալն է»։
Գեղարուեստական յայտագիրը ճոխ եւ հայադրոշմ էր, օրիորդ Սալբի Թիթիզեանը խորհրդաւոր ու հրեշտակագեղ ձայնով մեներգեց «Տէր Ողորմեայ»-ն, նուագի ընկերակցութեամբ՝ Անի Պոյմուշաքեանի (դաշնամուր) եւ Ժոզէֆ Արամեանի (Տուտուկ)։
Երիտասարդ օրիորդ Եւա Պէտրճիքեանը դաշնամուրի վրայ կատարեց «Ապրել ու Ապրիլ» նուագը ու ապա Եղբայր Սողոմոն Սարգիսեանը ասմունքեց Գէորգ Էմինի՝ «Մենք» քերթուածը տուտուկի ընկերակցութեամբ եղբայր Նարեկ Քէշիշեանի։
Օրուան պատգամը փոխանցեց Գերյարգելի Հայր Գառնիկ Ծ․ Վրդ․ Յովսէփեանը՝ Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Ս․ Միքայէլ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը։ Հայր Սուրբը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսօր, մենք կը նշենք Հայոց Մեծ Եղեռնի 111-րորդ ամեակը։ 111 տարիներ անցած են այն ողբերգական օրերէն, երբ 1915 թուականին հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ բնաջնջման ծրագրաւորուած ջարդին։
111 տարիներ անցած են, բայց մեր յիշողութիւնը չէ մարած, մեր պահանջատիրութիւնը չէ նահանջած, եւ մեր պայքարը կը շարունակուի։
1915 թուականին մեր ժողովուրդը ենթարկուեցաւ աննկարագրելի բռնութեան, տեղահանութեան եւ բնաջնջման։ Մէկուկէս հայեր կորսնցուցին իրենց տուները, իրենց հարազատները, իրենց հայրենի հողերը։
Բայց այսօր մենք միայն անցեալը յիշելու համար չէ, որ հաւաքուած ենք։ Մենք նաեւ մեր հայեացք սեւեռելու ներկային ու ապագային։
Այս օրերուն աշխարհը կրկին կը գտնուի տագնապալից եւ պատերազմական իրավիճակներու մէջ։ Տարբեր երկիրներու մէջ կը շարունակուին պատերազմներ, մարդկային տառապանքները կը բազմապատկուին, անմեղ մարդիկ կը դառնան քաղաքական շահերու զոհ։
Այս պատկերները մեզի կը յիշեցնեն, թէ որքան վտանգաւոր է լռութիւնը, անտարբերութիւնը եւ անարդարութեան հանդէպ համակերպումը։
Պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ՝ երբ անարդարութիւնը անպատիժ կը մնայ, ան կը կրկնուի։
Հայ ժողովուրդը այդ դառը ճշմարտութիւնը ապրած ժողովուրդ մըն է։ Մեծ Եղեռնը ոչ միայն մարդկային ողբերգութիւն էր, այլ նաեւ նախազգուշացում ամբողջ մարդկութեան համար։
Երբ աշխարհը լուռ մնաց, ոճիրը շարունակուեցաւ։ Երբ արդարութիւնը չիրագործուեցաւ, անարդարութիւնը դարձաւ նախադէպ։
Այս պատճառով, այսօր մեր պարտականութիւնը կրկնակի մեծ է։ Մենք կը յիշենք ոչ միայն զոհերը, այլ նաեւ մեր պատասխանատուութիւնը՝ ապագայի հանդէպ։
Մեծ Եղերնը կանգ չառաւ 1915-ին, անիկա շարունակուեցաւ ոճրագործին մերժումին եւ արդարադատութեան բացակայութեան պատճառով: Այսօր նոյն հետեւողութեամբ կրնանք ըսել որ, Հայոց Մեծ Եղեռնի կրկնութեան սպառնալիքը ամէնօրեայ իրականութիւն է դժբախտաբար, հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս:
Յիշատակութեան արժանի է Երջանկայիշատակ Ֆրանչիսկոս Պապի վկայութիւնը 2015-ին, Հայոց Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի առթիւ արտասանած խօսքը Հռոմի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, թէ «Քսաներորդ դարու առաջի՛ն ցեղասպանութիւն»ը կատարուած է այն ազգին, որ եղաւ առաջի՛նը, որ ողջագուրեց Քրիստոսի խաչը ու քալեց գողգոթայի ճանապարհին վրայ, հետեւելով Անոր որ ճշմարտութիւն է, ճանապարհ եւ կեանք` եւ նաեւ յոյսի աղբիւր»:
Ան ազդարարեց, ըսելով՝ թէ «չարը թաքցնելը կամ ժխտելը նման է թոյլ տալու` որ վէրք մը շարունակէ արիւնիլ, առանց զայն դարմանելու»:
Այսօր յարգանքի տուրք կը մատուցանենք բոլոր այն եկեղեցական հայրերուն, կրթական մշակներուն, բարեսիրական հաստատութիւններուն, միութիւններուն, որոնք տարիներ շարունակ, սերունդէ սերունդ հայու ոգին, լեզուն, մշակոյթն ու աւանդութիւնները փոխանցեցին: Այն ինչ որ եղաւ Եղեռնէն ետք, իսկապէ՛ս հրաշք մըն էր:
Երկա՜ր է նահատակ հոգեւորականներուն ցանկը, որոնք գլուխ անցնելով իրենց հօտին, արիաբար զոհուեցան «վասն կրօնից և հայրենեաց»:
Մեր միտքը կ'երթայ Զմմառու միաբան և Մարտինի Առաջնորդ՝ Երանելի նահատակ սուրբ Իգնատիոս Արք. Մալոյեանին:
Ցեղասպանները հարուածեցին Մալոյեանի նման բազմաթիւ հովիւներ, ակնկալելով որ այդպիսով՝ հօտը պիտի ցրուէր և պիտի ուրանար իր հաւատքը: Սակայն ժողովուրդը մնաց հովիւներու կողքին և մասնակից եղաւ նահատակութեան փառքին:
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան անդամ՝ Իգնատիոս Արք. Մալոյեանը, 19 Հոկտեմբեր 2025-ին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի գլխաւորած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Հայոց Մեծ Եղեռնի նահատակը Տիեզերական Եկեղեցւոյ սուրբերու շարքին դասուեցաւ:
Հետեւաբար, Ապրիլ 24-ը ողբի և սուգի օր չըլլայ մեզի համար, այլ՝ աղօթքի: Որովհետեւ Օսմանեան իշխանութիւնը վճռած էր բնաջնջել հայ ժողովուրդը, սակայն, Աստուած որոշեց ապրեցնել մեր ազգը:
Աստուած չի մոռնար անիրաւութիւնները, զորս կրեց հայութիւնը: Չի կրնար մոռնալ մանաւանդ առաջի՛ն քրիստոնեայ ժողովուրդին կոտորածն ու ոչնչացումը:
Ի հեճուկս այս ահաւոր աղէտին, հայ ժողովուրդը անկախութիւն ունեցաւ: Այսօրուան փոքրիկ Հայաստանը 1918 թուին, մեծ զոհաբերութիւններով անկախացաւ: 1918-ի անկախութիւնը, հերոսական պայքարի արդիւնքն էր: Այդ մէկը հրաշք էր:
Մայր Հայրենիքը այսօր, հայ ժողովուրդի արիութեան խորհրդանիշը եղաւ, որովհետեւ այդ բոլորէն յետոյ՝ ազատ, անկախ հայրենիք ունեցանք:
Հայ ժողովուրդին բոլոր պայքարներն ու տագնապները, ինչպէս նաեւ յաղթանակներն ու յոյսերը հաստատուած են քրիստոնէական ամուր հաւատքի վրայ:
Քրիստոնէական հաւատքը դարձաւ հայ ժողովուրդին շունչը եւ անոր պատմութեան սիրտը:
Մեր ներկայութիւնը այսօր այս սուրբ տաճարին մէջ, կու գայ հաւաստելու Քրիստոսի խօսքերը. «Մի’ վախնաք անոնցմէ, որ մարմինը կը սպաննեն, բայց չեն կրնար հոգին սպաննել» (Մտթ 10, 28):
Հայ ժողովուրդի միւռոնուած հոգին չեն կրնար սպաննել, որովհետեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի հաւատքով լուսաւորուած է և պիտի շարունակէ աշխարհի ամպիոններէն կոփել մարդկութեան երեսին՝ մեր նահատակներուն կտակը. «որպէսզի իմանան ազգեր, թէ հայք չեն անցեր» (Ալիշան):
Սիրելի՛ երիտասարդներ, Սիրելի՛ ապագայ սերունդներ,
Ձեզի կը փոխանցենք մեր սրբազան կտակը՝ Յիշել եւ Պահանջել։
Յիշել՝ որպէսզի մեր նահատակները չմոռցուին, որպէսզի պատմութիւնը չաղաւաղուի եւ որպէսզի ոճիրը չկրկնուի։
Պահանջել՝ պահանջել ճանաչում, պահանջել արդարութիւն եւ պահանջել հատուցում։
111 տարիներ անց՝ Հայ Դատը դեռ կենդանի է, Հայ Դատը դեռ պայքարի մէջ է եւ Հայ Դատը դեռ կը սպասէ համաշխարհային ճանաչմանը եւ արդարութեանը։
Մենք այսօր ազգովին, պիտի շարունակենք մեր պայքարը՝ Միասնութեամբ, Հաւատքով եւ Հայրենասիրութեամբ։
Հայ Դատը երբեք պիտի չմոռցուի։ Հայ Դատը պայքար մըն է արդարութեան համար։
Հայ Դատը պայքար մըն է ոչ միայն հայ ժողովուրդին, այլ նաեւ մարդկային արժէքներու պաշտպանութեան համար։
Մինչեւ այն օրը, երբ ամբողջ աշխարհը լիովին ճանչնայ ճշմարտութիւնը, մինչեւ այն օրը, երբ արդարութիւնը վերականգնուի,մինչեւ այն օրը, երբ հատուցումը դառնայ իրականութիւն։
Հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր պայքարը խաղաղ, բայց հաստատ կամքով։
Այսօր մենք գլուխ կը խոնարհենք մեր նահատակներուն առջեւ, բայց նաեւ կը բարձրացնենք մեր հայեացքը դէպի ապագայ։
Քանի որ մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ վերապրեցաւ, Ժողովուրդ մըն ենք, որ վերածնունդ ապրեցաւ, Ժողովուրդ մըն ենք, որ կը շարունակէ ապրիլ, ստեղծել եւ պայքարիլ։
Թող մեր յիշողութիւնը դառնայ ուժ, Թող մեր ցաւը դառնայ միասնութիւն,
Թող մեր պայքարը դառնայ արդարութեան ճանապարհ։
Յաւերժ Փառք մեր Սուրբ Ապրիլեան Նահատակներուն»։
Գեղարուեստական օրակարգի երկրորդ հանգրուանի հանդէս եկաւ տիկին Միրնա Տէկիրմենճեան-Տէմիրճեան «Տուն Իմ Հայրենի» տաղով, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ տիկին Անի Պոյմուշաքեանի։
Քեսապի Հայ Աւետարանական Միսաքեան մշակութային կենդրոնի աշակերտները՝ Արենի Լնդեան (դաշնամուր), Մեղրի Մալաթչալեան (ջութակ) եւ Կարօտ-Արծիւ Սարգիսեան (ջութակ) ներկայացուցին «Կիլիկիոյ» հայրենասիրական երգը ։ Ապա եղբայր Ներսէս Քէշիշեանը երգեց «Կռունկ» երգը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Անի Պոյմուշաքեանի։
Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Քեսապի Հայ Աւետարանական Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Պատուելի Շանթ Ակիշեանը։
Յարգարժան Պատուելին իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Որպէս հայ ժողովուրդ եւ յատկապէս քեսապահայութիւն, ներկայ մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն դէմ երբեք յուսահատ չենք, որովհետեւ Աստուծոյ ներկայութիւնը մեզ կը լեցնէ յոյսով եւ կը զօրացնէ մեզ»։
Ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին միասնաբար միասիրտ ու միաշունչ արտասանելով Տէրունական աղօթքը։
Հանդիսաւորութեան վերջ, բոլոր ներկաները առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի «Քեսապի» մասնաճիւղի շեփորախումբին, ուղղուեցան դէպի Մեծ Եղեռնի յուշարձանին, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու եւ ծաղիկներու խոնարհումը։
Ներկայ ժողովուրդը շեփորախումբին ընկերակցութեամբ միաձայն երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերքը։
Ոգեկոչումը հասաւ իր աւարտին Քեսապի Հայ Առաքելական Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ Տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Հայր Եսայի Վրդ․ Էօրտէքեանի «Պահպանիչ» աղօթքով։
Քեսապ՝ 24 Ապրիլ 2026թ․
Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան
Ս․ Միքայէլ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն


