image

Ասկերանի մօտ ատրպէյճանցիք կրակ բացած են բանուորներու ուղղութեամբ

Ասկերանի  մօտ ատրպէյճանցիք կրակ բացած են բանուորներու ուղղութեամբ

Արցախի Հանրապետութեան դատախազութենէն կը յայտնեն, որ Փետրուար 5-ին, ժամը 12:00-ի սահմաններուն, Ասկերան քաղաքի մերձակայքին գտնուող «Օղտեն մաշկ» կոչուող տեղամասին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական մարտական դիրքէն մեծ տրամաչափի գնդացիրով մի քանի կրակահերթ արձակուած է Ասկերանի շրջանի Խրամորթ գիւղի վարչական տարածքին մէջ գործող` «ապագայ սերունդներու հիմնադրամ» ՍՊ ընկերութեան  քարամշակման կէտի բանուորներ Գ.Բ.-ի, ԱՅ.Թ.-ի եւ ԱՅ.Հ.-ի ուղղութեամբ, որոնք տուեալ պահուն թրաքթորի վերանորգման աշխատանքներ կը կատարէին:

Արձակուած կրակոցներէն պաշտպանուելու նպատակով, մինչեւ ոստիկանութեան աշխատակիցներուն ժամանելը, վերջիններս շուրջ երկու ժամ ստիպուած թաքնուած մնացած են` այդ ընթացքին զանգելով եւ դէպքին մասին իրազեկելով իրենց տնօրինութիւնը:

Դէպքին հանգամանքները պարզելու նպատակով Արցախի ոստիկանութեան կողմէ կը ձեռնարկուին քրէադատավարական միջոցառումներ:

Մինչ դատական քրէական վարոյթի օրինականութեան նկատմամբ հսկողութիւնը կ'իրականացնէ Արցախի Ասկերանի շրջանի դատախազութիւնը: