image

Արոնեանէն դրական լուրեր. Հայ մարզիկը նոր յաղթանակ գրանցած է

Արոնեանէն դրական լուրեր.  Հայ մարզիկը նոր յաղթանակ գրանցած է

Կրոսմայսթըր Լեւոն Արոնեան, որ տակաւին հանդէս կու գայ Հայաստանի դրօշին ներքոյ, Champions Chess Tour Finals-ի 8-րդ փուլին յաղթեց աշխարհի ախոյեան Մակնուս Գարլսընին:

Արագ շախմատի առցանց այս մրցաշարքի 8-րդ փուլին Արոնեանը եւ Գարլսընը ունեցան 3 մրցում, որոնցմէ առաջինը Արոնեան յաղթեց, իսկ յաջորդ երկուքը աւարտեցան ոչ-ոքի, իսկ վերջին փուլին սեւերով յաղթանակ տօնեց` 3-1:

Այս յաղթանակէն յետոյ Արոնեան մրցաշարային աղիւսակին մէջ 4-րդն է: Մրցաշարքի վերջին փուլին հայ կրոսմայսթըրը պիտի խաղայ ատրպէյճանցի Շահրիյար Մամետիարովի հետ: