National Interest պարբերականն անդրադարձած է Ռուսիոյ Դաշնութիւնը մեկուսացնելու Արեւմուտքի ջանքերուն: Յօդուածի հեղինակ, սիւնակագիր Մարք Եպիսկոպոսը նշած է, որ մինչ Ռուսիա կը մեկուսացուի Արեւմուտքէն եւ արեւմտեան ղեկավարութեամբ որոշ հիմնարկներէ, Թեհրանի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումները կը մատնանշեն այլ եւ շատ աւելի մտահոգիչ զարգացումներ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք յօդուածը.
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կանաչ լոյս տուած է Սեւ ծով հացահատիկի արտահանման գործարքին, որ Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ առաջին խոշոր գործարքն է՝ 24 փետրուարին Ռուսիոյ Ուքրանիա ներխուժումէն ի վեր:
Ռուսիա եւ Իրան դարձած են Սուրիոյ առաջնորդ Պաշշար Ասատի հիմնական աջակիցները, մինչդեռ Թուրքիան կ'աջակցի երկրի հիւսիսը գտնուող հակակառավարական խմբաւորումներուն։ Գագաթաժողովը չլուծեց այս հիմնական տարաձայնութիւնները, եւ Էրտողան չկարողացաւ ստանալ Ռուսիոյ եւ Իրանի աջակցութիւնը`«ահաբեկչական» խմբաւորումներու դէմ պայքարի պատրուակով Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին վրայ թրքական նոր յարձակման համար:
Հացահատիկի գործարքն աւարտած է ռուսական դիւանագիտութեան մէկ շաբաթը, որ փորձագէտներու կարծիքով նպատակ ունեցած է ցոյց տալ, որ Մոսկուան տնտեսապէս եւ քաղաքականապէս մեկուսացնելու արեւմտեան արշաւը ձախողած է:
Մինչ Ռուսիան երթալով կը մեկուսացուի Արեւմուտքէն եւ Արեւմուտքի գլխաւորած որոշ հիմնարկներէն, Փութինի հանդիպումները Թեհրանի մէջ կը մատնանշեն այլ եւ շատ աւելի մտահոգիչ երեւոյթ. հակառակ, Քրեմլի դէմ միասնական համաշխարհային ճակատ ստեղծելու եւրոպական եւ ամերիկացի քաղաքական գործիչներու շարունակական փորձերուն, ոչ-արեւմտեան աշխարհի մէկ մասը չէզոք կը մնայ, կամ, ինչպէս Չինաստանի եւ Իրանի պարագային է, յստակօրէն աջակցութիւն կը յայտնէ Ռուսիոյ: