image

Արեւմուտքի «բաժանէ՛ եւ տիրէ՛» սկզբունքը տեսանելի է Անդրկովկասի մէջ, յատկապէս մեր հայ ընկերներու օրինակով. Լաւրով

Արեւմուտքի «բաժանէ՛ եւ տիրէ՛» սկզբունքը տեսանելի է Անդրկովկասի մէջ, յատկապէս մեր հայ ընկերներու օրինակով. Լաւրով

Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ըսած է, որ Արեւմուտքը Ռուսիոյ հարեւաններու նկատմամբ կը վարէ «բաժանէ, որ տիրես» քաղաքականութիւնը, եւ «այդ յատկապէս ակնյայտ է մեր հայ բարեկամներու օրինակով»։

««Բաժանէ, որ տիրես» սկզբունքը յետխորհրդային դարաշրջանի սկիզբէն սկսաւ սեպի պէս խրուիլ Ռուսիոյ եւ անոր հարեւաններու յարաբերութիւններու մէջ։ Մինչ օրս Արեւմուտքը նոյն քաղաքականութիւնը կը վարէ։ Այդ կ՚երեւի ե՛ւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ, ե՛ւ Անդրկովկասի մէջ (յատկապէս մեր հայ բարեկամներու օրինակով), եւ նախկին ԽՍՀՄ եւրոպական մասի մէջ՝ Ուքրանիա, Մոլտովա, Պելառուսիա»,-ըսած է Լաւրովը Սոչիի մէջ՝ պատասխանելով «Ռուսիան եւ անոր դերը բազմաբեւեռ աշխարհի ձեւաւորման գործին մէջ» քննարկման մասնակիցներու հարցերուն։

Ան աւելցուցած է, որ Մոլտովան բացայայտ կը նախապատրաստեն Ուքրանիոյ ճակատագրին: