Աթլանթայի մէջ G20-ի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ժամանակ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ համատեղ լուսանկարուելուն մասնակցելէ որոշ պատուիրակութիւններու հրաժարումը ոչ բանական եւ ոչ կառուցողական քայլ է։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Փանքին։
«Կան շարք մը պատուիրակութիւններ, որոնք կը վախնան մօտենալէ, կը վախնան նախարարին հետ նոյն լուսանկարին մէջ յայտնուելէ։ Սա բանական եւ կառուցողական քայլ չէ», ըսած է Փանքին՝ «Վեսթի» լրատուական ծառայութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին։
Դիւանագէտին խօսքով՝ ռուսական պատուիրակութիւնը բաց է հարցումներու եւ շփումներու համար, եթէ անոնք կը կատարուին բանականութեան սահմաններուն մէջ։
G20-ի անդամ երկիրներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու խորհրդակցութիւնը տեղի կ՚ունենայ Աթլանթայի մէջ՝ Հոկտեմբեր 30-31-ին, ԱՄՆ-ի նախագահութեամբ։ Ռուսական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լաւրովը։ Արտաքին գործոց շարք մը նախարարներ հրաժարած են հանդիպման շրջածիրէն ներս Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ համատեղ լուսանկարուելէ։
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա քննադատած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլը։ Անոր պնդմամբ՝ մէկ ամիս առաջ վերջինս ինք ձգտած էր բանակցութիւններ վարել Լաւրովի հետ եւ լուսանկարուած էր լրագրողներու առջեւ, մինչդեռ այժմ համատեղ լուսանկարուելէ իր հրաժարումը ներկայացուցած է իբրեւ քաղաքական դիրքորոշման արտայայտութիւն։