image

 Արեւմտեան Թեմ.Ազգային Առաջնորդարանէն  կարեւոր  նեցուկ   Համազգայինի` Սեփական կեդրոն  մը  ունենալու արշաւին

 Արեւմտեան Թեմ.Ազգային Առաջնորդարանէն  կարեւոր  նեցուկ   Համազգայինի` Սեփական կեդրոն  մը  ունենալու արշաւին

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային Առաջնորդարանը 25,000 տոլարով զօրակցած է Համազգայինի` սեփական կեդրոն մը գնելու ծրագրին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ԱՄՆ հրապարակուող «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ`  

Չորեքշաբթի, 18 Սեպտեմբերի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մանուկ Չուխաճեանի: Պատուիրակութիւնը եկած էր առաջնորդ սրբազանը պաշտօնապէս հրաւիրելու Համազգայինի տարեկան մշակութային ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ 13 Հոկտեմբերին:

Վերջին տարիներուն աւանդութեան վերածուած տարեկան այս ընդունելութիւնները նաեւ կը նպատակադրեն հանգանակութիւն՝ ի նպաստ Համազգայինի սեփական կեդրոն մը գնելու ծրագիրին:  Յատուկ հրաւէր ուղղուած էր նաեւ Ազգային վարչութեան:

Հանդիպումին ընթացքին, հիւրերը առաջնորդին փոխանցեցին շրջանին մէջ Համազգայինի մշակութային առաջին սեփական կեդրոնը գնելու նախաձեռնութեան եւ տարուած աշխատանքներուն մասին տեղեկութիւններ` յայտնելով, թէ իրենք յոյս ունին, որ մշակութասէր հանրութիւնը իր աջակցութիւնը չի զլանար Համազգայինին, որ իր ուժերը զօրաշարժի ենթարկած՝ կը ձգտի իրականութիւն դարձնել սեփական կեդրոն ունենալու տարիներու իր տեսիլքը՝ շրջանին մէջ մշակութային եւ դաստիարակչական զանազան մակարդակներու իր գործունէութիւնը աւելի օգտաւէտ ու նպատակայարմար ձեւով վարելու համար:

Գեղամ արքեպիսկոպոսը կարեւորութեամբ ընդգծեց Համազգայինի առաքելութեան անխափան շարունակութիւնը աշխարհատարած եւ մանաւանդ Լոս Անճելըսի պէս հայահոծ գաղութի մը կեանքին մէջ, նոյն ատեն ան ցաւ յայտնեց, որ առաւել քան կէս դարու պատմութիւն ունեցող Համազգայինը հայահոծ այս տարածքին մէջ ցարդ չէ յաջողած ունենալ իր սեփական տունը։ Ապա ան խրախուսեց պատուիրակութիւնը, որ անվհատ, այլեւ ի գործ դրած իր ջանքերուն եւ ուժերուն գերլարումով առաջ նետուի եւ հաւաքական զօրակցութեամբ իրականացնէ մշակութային կեդրոն մը գնելու ծրագիրը, որ ոչ միայն մէկ երդիքի տակ պիտի խմբէ Համազգայինի մեծ ընտանիքը, այլեւ նորոգ մղիչ ուժ պիտի հանդիսանայ իր մասնաճիւղերուն եւ արհեստագիտական միաւորներուն, որպէսզի առաւել եւս բարգաւաճին եւ հայկական շունչով լեցնեն գաղութի ներքին կեանքը:

Այս առիթով, առաջնորդ սրբազան հայրը նաեւ գոհունակութեամբ յայտարարեց, որ Ազգային վարչութեան հետ համախոհաբար, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան այս յոյժ կարեւոր ծրագիրին կը զօրակցի 25 հազար տոլարով, ապա կոչ ուղղեց համայնքի բոլոր զաւակներուն, որ յանուն վաղուան հայ առողջ սերունդներու, ամէն ոք կարելի չափով ու միջոցներով իր քսակը լայն բանայ ազգանուէր գործունէութիւն վարող եւ մշակութային ու կրթական նպատակներ իրականացնող տեղւոյն Համազգայինի մեծ ընտանիքին ընդառաջ, յատկապէս խիստ կարեւոր այս հանգրուանին: