image

«Արեւմտեան պլոք»էն հանդարտութեան կոչ՝ Իրանին

«Արեւմտեան պլոք»էն հանդարտութեան կոչ՝ Իրանին

Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ, որով կոչ ըրած են՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ «տարածաշրջանային կայունութիւն ապահովելու»՝ յորդորելով Իրանը եւ վերջինիս դաշնակիցները «չվտանգել հրադադարի եւ պատանդներու ազատ արձակման հնարաւորութիւնը Կազայի մէջ»։ 

Համաձայն Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութեան պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած յայտարարութեան՝ երեք երկիրներու առաջնորդները կ՚ողջունեն Իսրայէլի եւ «Համաս»-ի միջեւ զինադադարի շուրջ բանակցութիւնները վերսկսելու վերաբերեալ ԱՄՆ-ի, Քաթարի եւ Եգիպտոսի կոչերը եւ Իրանն ու անոր դաշնակիցները կը յորդորեն զերծ մնալ այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կրնան յանգեցնել իրավիճակի  սրման: 

«Մենք կոչ կ՚ընենք Իրանին ու անոր դաշնակիցներուն զերծ մնալու գրոհներէ, որոնք կը յանգեցնեն տարածաշրջանային լարուածութեան սրման եւ վտանգի տակ կը դնեն հրադադարի եւ պատանդներու ազատման շուրջ գործարք կնքելու հնարաւորութիւնը», - նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Սթարմըր, Մաքրոն եւ Շոլց զգուշացուցած են, որ Իրանը եւ անոր դաշնակիցները պատասխանատւութեան պիտի ենթարկուին, եթէ անոնց գործողութիւնները վտանգեն «խաղաղութեան եւ կայունութեան այս հնարաւորութիւնը»: