image

Արցախի քաղաքացիները «Ղարաբաղը Ատրպէյճան է» բովանդակութեամբ «SMS»-ներ ստացած են

Արցախի քաղաքացիները «Ղարաբաղը Ատրպէյճան է» բովանդակութեամբ «SMS»-ներ ստացած են

Արցախի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, հետամուտ ըլլալով օրէնսդրութեամբ իրեն վերապահուած գործառոյթներու եւ լիազօրութիւններու իրականացման, կ'իրազեկէ, որ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիները «9009», «0044», «4452» կարճ հեռախօսահամարներէ «Ղարաբաղը Ատրպէյճան է» բովանդակութեամբ «SMS» հաղորդագրութիւններ ստացած են:

Այս մասին յայտնած են Արցախի Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն:

Արցախի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կոչ կ'ընէ նման հաղորդագրութիւններ ստանալու պարագային չպատասխանել եւ խուճապի չմատնուիլ։

Կասկածելի բնոյթի հաղորդագրութիւններ, զանգեր ստանալու պարագային անյապաղ դիմել Արցախի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կամ զանգել թէժ գիծի հեռախօսահամարներուն՝ 047-94-41-26 և 41-26: