Արցախէն տեղահանուած անձանց կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու համար ներկայացուած է աւելի քան 53 հազար դիմում, որոնցմէ 45 հազարէն աւելին արդէն բաւարարուած են։ Այս մասին Ազգային ժողովէն ներս ճեպազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ներքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմէն Ղազարեան։
Անդրադառնալով փաստաթուղթերու հետ կապուած խնդիրներուն, մասնաւորաբար՝ ծննդեան վկայականներու բացակայութեան, փոխնախարարը նշած է, որ ատոնք օրէնսդրական պահանջ են՝ քաղաքացիութեան տրամադրման գործընթացին համար։ Դատական քաշքշուկներէ խուսափելու նպատակով, փաստերու հաստատման համար կը կիրառուի նոտարական պարզեցուած մեքենականութիւն։
«Առանց ծննդեան վկայականի քաղաքացիութեան շնորհման գործ չի կարող լինել, դա տրամաբանական կառուցակարգ է, նախատեսուած է քաղաքացիութեան մասին օրէնսդրութեամբ։ Արդարադատութեան նախարարութեան մեր գործընկերներն առաջարկում են նոտարական մեխանիզմը, որն արդէն իսկ սկսել է կիրառուել, եւ նախատեսում են նաեւ տուրքերից ազատում, ինչը եւս կը նպաստի մեր հայրենակիցների բեռի թեթեւացմանը»,-ըսած է փոխնախարարը։
Անդրադառնալով քաղաքացիութիւն շնորհելու ժամկէտներու հնարաւոր երկարաձգումներուն՝ Արմէն Ղազարեան պարզաբանած է, որ օրէնքով սահմանուած առաւելագոյն ժամկէտը վարոյթին մեկնարկէն հաշուած 90 աշխատանքային օր է, եւ նման խախտումները եզակի են։ Ան ընդգծած է, որ առկայ թիւրըմբռնումները կապուած են այն հանգամանքին հետ, որ քաղաքացիները վարոյթին սկիզբը կը համարեն փաստաթուղթերու հաւաքման հանգրուանը, մինչդեռ պաշտօնական վարոյթը կը սկսի միայն այն պահուն, երբ փաստաթուղթերը կը ներկայացուին վարչական մարմինին եւ կը ստուգուի անոնց իսկութիւնը։
Փոխնախարարը աւելցուցած է, որ վարչարարական եւ թուային անհրաժեշտ միջոցները արդէն իսկ ներդրուած են, եւ ներկայիս հիմնական անհրաժեշտութիւնը նոտարական ընթացակարգերուն վերաբերեալ հանրային իրազեկուածութեան բարձրացումն է, որպէսզի քաղաքացիները աւելի լայնօրէն օգտուին այս հնարաւորութիւններէն։