Լեռնային Ղարաբաղի գրեթէ բոլոր բնակիչները կրնան լքել տարածաշրջանը՝ փախելով Ատրպէյճանի ռազմական գործողութեան հետեւանքներէն։ Այս մտահոգութիւնը յայտնած է Գերմանիոյ ԱԳՆ Հարաւային Կովկասի հետ համագործակցութեան համակարգող Ռոպին Վակեները Table.Media մետիա ընկերութեան տուած հարցազրոյցին։
«Արդէն մի քանի օր է, որ տասնեակ հազարաւոր մարդոցմով մեքենաներու շարասիւնները կը շարժին Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան տանող ճանապարհով»,-ըսած է Վակեները։ «Մենք պէտք է վախնանք, որ առաջիկայ օրերուն բնակիչներու ճնշող մեծամասնութիւնը կը միանայ անոնց, որու պատճառով ալ Լեռնային Ղարաբաղը կրնայ գրեթէ հայաթափուիլ»,- յայտնած է DW-ն։
Չնայած Հայաստանի հետ շարունակուող խաղաղ բանակցութիւններուն, Ատրպէյճանը յոյսը դրած է ռազմական լուծման վրայ, ընդգծած է Գերմանիոյ մէջ իշխող դաշինքի մաս կազմող «Միութիւն 90/Կանաչներ» կուսակցութեան անդամ Ռոպերթ Վակեները։ «Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներէն շատերն այլեւս չեն տեսներ իրենց անվտանգ ապագան տարածաշրջանին մէջ»,- յայտարարած է ան։