image

Արցախի արտախորհրդարանական ուժերը Ազգային Ժողով այցելեցին

Արցախի  արտախորհրդարանական ուժերը Ազգային Ժողով  այցելեցին

Այսօր` Ապրիլ 19-ին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային  ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանը խմբակցութիւններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ ընդունած է 2020 թուականի Մարտ 31-ին ԱՀ  խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցած արտախորհրդարանական ուժերու` «Ազգային վերածնունդ», «Անկախութեան սերունդ», «Արցախի  կոմունիստական կուսակցութիւն», «Արցախի յեղափոխական կուսակցութիւն», «Արցախի պահպանողական  կուսակցութիւն», «Միացեալ Հայաստան», «Վաղուայ Արցախ» կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները: 

Հանդիպման ընթացքին արտախորհրդարանական  ուժերու առաջնորդները արտայայտած են իրենց  կարծիքն ու դիրքորոշումը Արցախի հարցին շուրջ եւ այդ ծիրին մէջ կարեւորած են ԱԺ խմբակցութիւններու  միահամուռ ու միասնական գործելու հանգամանքը:

Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները  շեշտած են, որ լիովին կը սատարեն եւ կը միանան ԱՀ Ազգային ժողովի ` 2022 թուականի Ապրիլ 14-ի արտահերթ նիստին ընդունած յայտարարութեան: