image

Ամերիկահայ ուխտաւորները Հաթայ այցելեցին

Ամերիկահայ ուխտաւորները Հաթայ այցելեցին

Ամերիկայի Արեւելեան թեմի ուխտաւորաց խումբը, վերջերս, Առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպս. Պարսամեանի գլխաւորութեամբ, Հաթայ կատարած իր ուխտագնացութեան ընթացքին այցելած է Իսքէնտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցին, Ս. Պետրոսի քարայր-աղօթատեղին եւ Վաքըֆգիւղի հայկական համայնքը՝ հանդիպումներ ունենալով տեղի հոգեւորականներուն եւ հայ համայնքի անդամներուն հետ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Ամերիկայի Արեւելեան թեմի ուխտաւորաց խումբի ուխտագնացութեան վերջին կայանը եղաւ Հաթայը, ուր այցելուներ առիթը ունեցան նաեւ քրիստոնէական կարեւորագոյն քաղաքներէն միոյն մէջ հայկական արժէքները տեսնելու։

Առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպս. Պարսամեանի գլխաւորութեամբ, խումբը 10 Սեպտեմբեր 2026, Հինգշաբթի առաւօտ, այցելեց Իսքէնտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ Հաթայի Ս. Եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի, եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Եուսուֆ Թապաշեանի եւ հայ համայնքի անդամներուն կողմէ։

Ինչպէս ծանօթ է եկեղեցին, Հաթայի մեծ երկրաշարժի ընթացքին վնասուած է եւ ներկայիս արդէն իսկ սկսած են վերանորոգման աշխատութիւնները։

Ուխտաւորաց խումբը առաջնորդուեցաւ կիսաւեր եկեղեցին եւ այստեղ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ երգուեցան Արեւագալի ժամերգութեան շարականները։ Տ. Աւետիս Քահանան ողջոյնի խօսք արտասանեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր, քահանայ հայրերուն եւ ուխտաւորներուն, որոնք որպէս ուխտաւորներ այցելեցին նաեւ Ս. Քառասուն Մանկանց Եկեղեցին։

Տէր Հայրը եկեղեցւոյ պատմականին, առաքելութեան եւ երկրաշարժի պատճառաւ ունեցած վնասներու մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Յայտնեց, որ ներկայիս շրջանի մէջ կան հայ ընտանիքներ, որոնց համար այս եկեղեցին կը մնայ որպէս հաւատքի տուն։ Այցելութեան որպէս յիշատակ, Սրբազան Հօր եւ հիւր հոգեւորականներուն յիշատակի նուէրներ յանձնեց։

Առաջնորդ Սրբազանը փառք տուաւ Աստուծոյ, քանի կը գտնուին համաքրիստոնէական կարեւոր շրջանի մը մէջ, ուր «Քրիստոնեայ» անունը պաշտօնապէս գործածուիլ սկսած է։ Նորին Սրբազնութիւնը այս առթիւ մեծապէս գնահատեց Տէր Հօր ծառայութիւնը եւ ըսաւ, որ Տէր Հօր ծառայասիրութիւնը եկեղեցւոյ համալիրին մէջ զգալի կը դառնայ։ Այս առթիւ զօրակցութիւն յայտնեց նաեւ վերաշինութեան աշխատութեանց եւ մաղթեց որ եկեղեցին ի մօտոյ կրկին գործել սկսի ի պանծացումն Իսքէնտէրունի հայ համայնքի անդամներուն։ Բաց աստի, ուխտաւորաց խումբի անդամներէն նախկին Պոլսահայ Տ. Արմաշ Քհնյ. Պաղտասարեանի ծննդեան տարեդարձին առթիւ կարկանդակ բեկանուեցաւ։

Յետ միջօրէին Սրբազան Հայրը ուխտաւորաբար այցելեց Ս. Պետրոսի քարայր-աղօթատեղին։ Այստեղ էր, որ Տէր Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդներ առաջին անգամ կոչուեցան «Քրիստոնեայ»։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու ուխտաւորները այստեղ իրենց ուխտի աղօթքը վերառաքեցին։ Ապա ուղղուեցան դէպի Վաքըֆգիւղ։ Ուխտաւորաց Խումբը այստեղ դիմաւորուեցաւ Տ. Աւետիս Քահանայի գլխաւորութեամբ, Ճէմ Չափարի ատենապետած ծխական խորհուրդի անդամներ, գիւղապետ Պերճ Գարթունեանի եւ գիւղի բնակիչներուն կողմէ։ Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ աղօթասացութիւն։ Տէր Հայրը այստեղ եւս ողջոյնի խօսք արտասանեց եւ յանուն գիւղացիներուն շնորհակալութիւն յայտնեց դէպի գիւղ տրուած այս պատմական ուխտի այցելութեան համար։

Սրբազան Հայրը ներկաներուն իր պատգամը փոխանցեց։ Յայտնեց, որ առաջին անգամ կը գտնուի Վաքըֆգիւղի մէջ, սակայի գիւղին համբաւը հասած է մինչեւ Ամերիկա, անուանուելով շրջանի վերջին հայկական գիւղը։ Ուրախութիւն է տեսնել այստեղ ապրող գիւղի մը կեանքը։ Օրհնեց գիւղացիները եւ շնորհաւորեց բոլորին, որոնք այս գիւղի մէջ կը մնան եւ կը շարունակեն հայկական իրենց առօրեային։

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, ներկաներ համախմբուեցան Մեսրոպ Պատրիարքի անուան մշակոյթի կեդրոնի սրահին մէջ, ուր հիւրերուն ի պատիւ գիւղական աւանդական միրգերով ընդունելութիւն տեղի ունեցաւ։ Ուխտաւորաց խումբը, Ուրբաթ առաւօտ կը վերադառնայ Իսթանպուլ, մասնակցելու համար Պատրիարքարանի մէջի հիւրասիրութեան ի պատիւ Սրբազան Հօր եւ ուխտաւորաց։