Օրերս Արցախի քաղաքական իրադարձութիւններու, թրքական եւ ատրպէյճանական մտադրութիւններու ու նոր պատերազմի սպառնալիքի մասին «Խապարարմանի» կայքին մէջ ուշագրաւ յօդուած մը հրապարակած է Միացեալ Նահանգներու Աթլանթա քաղաքէն, միջազգային հակամարտութիւններու կառավարման ակադեմիկոս եւ փորձագէտ Իսահակ ԱնտԷքեան:
«Արեւելք» թարգմանաբար իր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնէ յօդուածի հիմնական հատուածները:
Դոկտ. Անտէքեան մասնաւորապէս կը գրէ՝
«2023-ի սկիզբէն ի վեր արցախահայութիւնը կը գտնուի ատրպէյճանա-թրքական հեղձուցիչ շրջափակումի մէջ: Թուրքիա եւ Ատրպէյճան օգտուելով մէկ կողմէ, Ուքրանիոյ պատերազմի ստեղծած պատկերով, եւ միւս կողմէ՝ ամերիկեա-չինական լարուածութենէն, շրջափակման մէջ առած են արցախահայութիւնը փակելով Արցախը մայր երկիր Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքը: Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ճնշում կը գործադրեն Հայաստանի իշխանութեան վրայ հետեւեալ նպատակով.-
Լաչինի միջանցքը, որ կը կապէ արցախահայութիւնը Հայաստանին, ի դիմաց Զանգեզուրի միջանցքին, որ կը կապէ Ատրպէյճանը եւ արեւելեան «թրքական աշխարհ»ը Թուրքիոյ հետ: Այդպիսով Թուրքիան կ'ուզէ իրականացնել Թուրանեան կայսրութեան՝ թուրք ժողովուրդներու երազը, որոնք տարածուած են արեւմուտքէն՝ Պալքան երկիրներու սահմաններէն մինչեւ արեւելք՝ Չինաստանի սահմանները:
Սակայն Թուրանական կայսրութեան այս երազի իրականացումը կը խոչընդոտուի աշխարհագրութեամբ՝ հարաւային Հայաստանի մէջ գտնուող Զանքեզուրի միջանցքի պատճառով։ Այս պատճառով Թուրքիան, Ատրպէյճանէն առաջ, պաշարելով ու սպառնալով արցախահայութեան, ճնշում կը գործադրէ Հայաստանի վրայ, որ վերջինս հրաժարի իր իշխանութեան տակ գտնուող Զանքեզուրի միջանցքէն։
Այլ խօսքով Թուրքիոյ հիմնական նպատակն է «ստանալ» Զանգեզուրի միջանցքը եւ ատոր փոխարէն վերաբանալ Լաչինի միջանցքը, որ կերպով մըն ալ ազատութեան երաշխիք է Արցախ ապրող 120.000 հայերու համար։
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան 2023-ի յուլիսին, Վիլնիւսի մէջ կայացած ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովէն ետք, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած էր, թէ «2025-ին ռուսական խաղաղապահ ուժերը պէտք է լքեն Լեռնային Ղարաբաղը» անդրադառնալով 9 նոյեմբեր, 2020-ի եռակողմ համաձայնագիրին, ուր նշուած է, որ ռուսական խաղաղապահ ուժերը «պարտաւոր» են Ղարաբաղ մնալ 5 տարուան ժամկէտով։
Միւս կողմէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 21 յուլիս, 2023-ին «France Press»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարեց, «եթէ խաղաղութեան պայմանագիր չկնքուի եւ չվաւերացուի երկու երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ, շատ հաւանական է, որ նոր պատերազմ սկսի Ատրպէյճանի հետ»: Եթէ Էրտողանի ու Փաշինեանի յայտարարութիւնները համեմատենք, պարզ կը դառնայ, որ իրավիճակը չափազանց վտանգաւոր է, երկու յայտարարութիւններն ալ սրացումի կը տանին Արցախի մէջ իրավիճակը եւ կը հնչեցնեն պատերազմի թմբուկը, հակառակ երկու յայտարարութիւններուն մէջ առկայ քանի մը նկատառումներու.-
Թուրք-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները վերադասի-ենթակայի կամ հետեւորդի-առաջնորդի յարաբերութեան երեւոյթը ունին, հակառակ որ Ատրպէյճանի նախագահը յարաբերութիւնները կը համարէ եղբայրական եւ համահաւասար յարաբերութիւններ:
Այստեղ փորձեմ բացատրել այն դրոյթները, որոնք կը ստեղծեն այն տպաւորութիւնը, ըստ որուն Թուրքիան Թուրքիան Ատրպէյճանին կը վերաբերի իբրեւ ստորադաս երկիր մը։ 2023 յուլիսին, նախագահ Էրտողանի վկայակոչած եռակողմ համաձայնագիրը, որեւէ իրաւունք չի տար Թուրքիոյ միջամտելու Արցախի հարցին: 10 նոյեմբեր, 2020-ի Ռուսիոյ հովանաւորութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած եռակողմ համաձայնագիրի 4-րդ կէտը կ'ըսէ.-
«4. Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբը կը տեղակայուի զուգահեռաբար հայկական զինուած ուժերու քաշուելով։ Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի գտնուելու ժամկէտը 5 տարի է, եւ ինքնաբերաբար կ'երկարաձգուի հինգ տարի եւս, եթէ կողմերէն որեւէ մէկը հնգամեայ ժամկէտի աւարտէն վեց ամիս առաջ չյայտարարէ սոյն դրոյթի կիրառումը դադրեցնելու իր մտադրութեան մասին»:
Հետեւաբար, եռակողմ համաձայնագիրի 4-րդ յօդուածը իրաւունք կու տայ համաձայնագիրի կողմերէն որեւէ մէկուն առարկելու ինքնաբերաբար երկարաձգուելու ռուսական զօրախումբի ներկայութիւնը Արցախի մէջ, առաջին հնգամեայ ժամկէտի աւարտէն 6 ամիս առաջ, այսինքն՝ մինչեւ յունիս 2025: Ատրպէյճան պաշտօնապէս չէ յայտարարած իր մտադրութեան մասին, որ ռուսական ուժերը դուրս ելլեն, բայց խնդրանքը եկած է Էրտողանէն, մանաւանդ որ Թուրքիան հակամարտութեան կողմերէն մէկը չէ։ Այսպիսով, Թուրքիան ինք դարձած է Ատրպէյճանի փոխարէն որոշողը եւ թելադրողը անոր քաղաքականութիւնն ու շահերը:
Էրտողանի յայտարարութիւնը, անկախ, որ այն հրապարակուած է իրաւական կամ պաշտօնական կարգավիճակ չունեցող կողմէ, մեծ վտանգ կը ներկայացնէ եւ միաժամանակ Հայաստանին ուղղուած պատերազմի սպառնալիք է, եւ այդ պատճառով ՀՀ վարչապետը յայտարարեց, նոր պատերազմի հաւանականութեան մասին եթէ խաղաղութեան համաձայնագիր չկնքուի ու չվաւերացուի երկու երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ: Էրտողան գիտէ, որ ինք եւ Ատրպէյճան չեն կրնար պատերազմիլ հայերուն դէմ՝ ըլլայ այդ Արցախի կամ Հայաստանի մէջ, այնքան ատեն որ, ռուսական խաղաղապահ ուժերը ներկայ են այնտեղ: Այս պատճառով Էրտողան կ'ուզէ, որ ռուսական ուժերը դուրս ելլեն Արցախէն մինչեւ 2025 թուական, եւ Արցախը ու Հայաստանը դառնան հեշտ որս, որպէսզի ան գրաւելով անոնց հողերը, հասնի Թուրանեան կայսրութեան աշխարհագրական միասնութեան:
Ուրեմն, ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի ժամանակ Էրտողանի յայտարարութիւնը սահմանեց պատերազմի ժամանակացոյցը, որ իր երկիրն ու Ատրպէյճանը պիտի սկսին Արցախի եւ Հայաստանի հայերուն դէմ։ Բայց ամենակարեւոր հարցը այն է, արդեօք Ռուսիան պիտի ընդունի Էրտողանի եւ ապա Ատպէյճանի խնդրանքը 2025-ին Արցախէն դուրս ելլելու, յատկապէս, որ Թուրքիան քաղաքական հարուած հասցուցած է Ռուսիոյ նետուելով ՆԱԹՕ-ի եւ Արեւմուտքի գիրկը եւ ընդունելով Շուէտի անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ին։ Այդ հարուածը նման է 1923-ի Աթաթուրքի Խորհրդային Միութեան հասցուցած հարուածին, երբ հաւատացնել տալով, որ Թուրքիան պիտի մտնէ Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ ան, որպէս կաշառք ստացաւ Արցախը այն ժամանակուան փոքրամասնութիւններու նախարար Իոսիֆ Սթալինէն, որ Արցախը Հայաստանէն առնելով բռնակցեց՝ Ատրպէյճանին: Բայց Աթաթուրք սովետներէն իր ուզածը ստանալէն ետք ուղղուեցաւ դէպի Արեւմուտք եւ ուզեց եւրոպականացնել Թուրքիան հայերու եւ Հայաստանի հաշուոյն ։
Երկրորդ հարցը կը վերաբերի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ)-ի 4-րդ յօդուածին, որ բովանդակութեամբ նման է Հիւսիսատլանտեան պայմանագիրի 5-րդ յօդուածին, ուր կ'ըսուի.-
«Եթէ անդամ պետութիւն մը ենթարկուի յարձակումի (զինուած յարձակում, որ կը սպառնայ անվտանգութեան, կայունութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան), անդամ երկիրները այդ կը համարեն յարձակում սոյն պայմանագիրի բոլոր անդամ պետութիւններուն դէմ»։
Ի դէպ, Ռուսիան ու Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի անդամներ են, եւ Հայաստան 2020 թուականին՝ Արցախի դէմ ատրպէյճանական պատերազմի ժամանակ փորձեց գործարկել 4-րդ յօդուածը, սակայն մերժուեցաւ ռուսերու կողմէ, որոնք պատճառաբանեցին, որ պատերազմը տեղի կ'ունենայ Արցախի տարածքին եւ ոչ Հայաստանի սահմաններէն ներս:
Իսկ ամենակարեւոր հարցը այն է, թէ ինչ պիտի ընեն Հայաստանն ու Սփիւռքը մինչեւ 2025-ի կէսերը: Արդեօ՞ք պիտի անտեսեն այս բացայայտ նախազգուշացումները նոր պատերազմի բռնկման վերաբերեալ ու շարունակեն իրենց կեանքը բնականօրէն, մինչեւ աղէտը սվրայ հասնի։ Այստեղ հիմնական հարցադրումը, որ կը ծագի այն է, թէ արդեօ՞ք Հայաստանի վարչապետը լուրջ էր, երբ կը խօսէր Ատրպէյճանի հետ նոր պատերազմի մը վտանգներուն մասին։ Ու այդ վտանգները նախազգալով ան իր կառավարութեան հետ պիտի սկսի՞ նախապատրաստուիլ ոչ հաւասար ռազմական առճակատման, կամ պիտի որոնէ՞ դիւանագիտական լուծում, որ բաւարարէ Թուրքիան, միեւնոյն ժամանակ առանց երթալու լուրջ զիջումներու, որոնք կը խաթարեն հայկական ազգային շահերն ու ինքնիշխանութիւնը։»
«Արեւելք»ի համար արաբերէնէ թարգմանեց՝ Թ.Գասպարեան