«Արեւելք»ի Երեւանի աղբիւրէն բարի լուր ստացանք։
Յակոբ եւ Մարիա Խաչոյեաններու յարկին տակ ծնած է ընտանիքի անդրանիկ զաւակ՝ Աւետիսը։
Նշենք, որ նոր կազմուած ընտանեկան այս բոյնի անդամները՝ հայրենադարձած են Լիբանանէն։
Երկուքն ալ գործունեայ անդամներ են եւ շնորհիւ իրենց յաջողութիւններուն կարողացած են ընտանեկան երթիք մը կազմել Հայաստանի երկինքին տակ։
Մինչ Յակոբ համացանցային ոլորտի մասնագէտ է, իսկ կողակիցը՝ Մարիան սննդագէտ է։
Ինչպէս նշեցինք՝ Աւետիս ընտանիքի անդրանիկ զաւակն է եւ ապահով ենք, որ նորածին զաւակը հայեցի դաստիարկութեամբ պիտի մեծնայ ու մաս կազմէ Հայաստանի մեծ հասարակութեան փայփայելով հզօր հայրենիք մը կերտելու մեծ երազանքը։
Մեր շնորհաւորութիւնները։