Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄԷ,ի Քաթարի եւ շրջակայից Թեմերու Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեանի գրիչէն կը կարդանք՝
Տարին փակելու սեմին մօտեցանք, արժեւորելով անցեալ տարուայ կեանքը, վերանորոգ հաւատքով ու տեսլականով վերաթարմացնենք մեր մտքերը, որպէսզի կեանքը աւելի ծրագրաւորուած ապրինք։
Առաջնահերթութիւն տալով Աստուծոյ ներկայութեան. ծաղկեցնենք մեր օրերը որպէսզի՝ կարենանք յաղթահարել մեզ շրջապատող մարտահրաւէրները։
Նոր տարին միշտ առիթ կ՝ընծայէ նոր սկիզբի, նորանոր նուաճումներու եւ յաջողութեան։
Սրտագին աղօթքս ու փափաքս է որ Աստուած օրհնէ ու անսասան պահէ՝ Մեր Եկեղեցին, Մեր Հայրենիքը, Մեր Ժողովուրդը եւ Մեր բոլոր սիրելիները։
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ...
Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան։