image

Անհամբերութեամբ կը սպասեմ մեր երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման. Դեսպան Քուին

Անհամբերութեամբ կը սպասեմ մեր երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման. Դեսպան Քուին

Անհամբերութեամբ կը սպասեմ մեր երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման 2025 թուականին։

Ըսուած է ՀՀ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Քրիսթինա Քուինի ուղերձին մէջ․

«Ընկերներուս եւ ընտանիքիս հետ նշելով ամանորեայ տօները՝ կ՚ուզեմ գալիք տարուան համար մաղթել խաղաղութիւն, երջանկութիւն եւ բարգաւաճում։

Տօները հիանալի առիթ են՝ համատեղ ձեռքբերումներու մասին խորհելու եւ գալիք տարին ծրագրելու համար։

Նոր Տարուան ընդառաջ ուրախ եմ փաստելու, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի ժողովուրդներու միջեւ կապերն առաւել քան երբեւէ ամուր են։ Անհամբերութեամբ կը սպասեմ մեր երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման 2025 թուականին։

Երախտապարտ եմ Հայաստան գտնուելու ընթացքիս ինծի եւ իմ ընտանիքին ցուցաբերուած ջերմ եւ բարեկամական վերաբերմունքի համար։ Ձեր շնորհիւ կարողացեր եմ Երեւանի մէջ զիս զգալ ինչպէս իմ տան մէջ։ Այստեղ տօնական նոր աւանդոյթներ ձեւաւորեր ենք, որոնցմէ մէկն ալ տօնածառի վինթաժային զարդարանքներու ձեռքբերումն է Վերնիսաժէն։

Թող ձեր տօնական օրերը լեցուն ըլլան ուրախութեամբ, խաղաղութեամբ եւ սիրով։

Շնորհաւո՛ր Ամանոր եւ Սուրբ Ծնունդ»։