Օրուայ «սեւ հաց»ը ճարելու ճանապարհը յաճախ լեցուն է ծանր ու տխուր պատահարներով։
Այդ տխուր պատահարներէն մին էր, որ կտրեց արմատներով Լիբանանէն Պուրճ Համուտի հարազատ զաւակ Գէորգ Պասմաճեան երիտասարդ հայուն կեանքին թելը։ Գէորգ 47 տարեկան էր։
Ինչպէս հաղորդեց Երեւանի «Արեւելք»ի աղբիւրը, Գէորգ, որ կը գործէր արագ սնունդ հասցնելու ասպարէզին մէջ, ենթարկուած է ծանր արկածի ու տեղւոյն վրայ մահացած։
Ան եղած է մոթոսիքլէթի վրայ, բան մը, որ ունեցած է անդարմանելի հետեւանքներ։
2020 թուականին Գէորգ Պէյրութէն տեղափոխուած-հաստատուած էր Երեւան եւ աշխատած ամենատարբեր ոլորտներուն ու յատկապէս արագ սնունդ մատակարարելու գործին մէջ։
Երդուեալ դաշնակցական Գէորգ Պասմաճեան ծնած ու ապրած է հայկական միջավայրին մէջ, եղած է հաւատարիմ կուսակցական, կրթութիւն ստացած Պուրճ Համուտի Քառասնից Մանկանց եւ Սոֆիա Յակոբեան ազգային վարժարաններուն մէջ։ Եկեղեցւոյ հանդէպ յատուկ սէր տածելով ծառայութիւն բերած է շրջանի եկեղեցիներուն մէջ։
Անոր մահուան բօթը տարածուեցաւ շատ արագ՝ սուգի թանձր խաւով պատելով զինք ճանչցողները, հարազատներն ու ընկերները։
Գէորգի հոգեհանգստեան եւ թաղման արարողութիւնները պիտի կատարուին յառաջիկայ հինգշաբթի՝ Երեւանի Մալաթիա շրջանի «Սուրբ Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալի մարմինը պիտի փոխադրուի Եղուարդ շրջանի գերեզմանատուն։