image

Դամասկոսը Մոսկուայի հետ ռազմավարական շահեր ունի. Սուրիոյ նոր իշխանութեան ղեկավար

Դամասկոսը Մոսկուայի հետ ռազմավարական շահեր ունի. Սուրիոյ նոր իշխանութեան ղեկավար

Սուրիան ռազմավարական շահեր ունի Ռուսիոյ հետ եւ անոր կը համարէ աշխարհի մէջ երկրորդ ամենահզօր պետութիւնը: «Al Arabiya» հեռուստաալիքի հետ զրոյցին այս մասին ըսած է Սուրիոյ նոր իշխանութեան ղեկավար Ահմատ Շարըհ:

«Ռուսիան աշխարհի երկրորդ հզօրագոյն պետութիւնն է։ Այն կարեւոր նշանակութիւն ունի, եւ Սուրիան ռազմավարական շահեր ունի Ռուսիոյ հետ»,-ըսած է Շարըհ։

Անոր խօսքով՝ Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները չեն ուզեր, որ Ռուսիան հեռանայ այնպէս մը, որ չի համապատասխաներ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններուն:

Աւելի վաղ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը յայտնած էր, որ Մոսկուան տեղեկութիւններ չունի Սուրիոյ նոր իշխանութիւններու կողմէ երկրին մէջ ռուսական ռազմակայաններու մասին պայմանագրերու վերանայման վերաբերեալ, Դամասկոսէն այդ կապակցութեամբ դիմումներ չեն ստացած: Նախարարը նշած է, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմակայաններու աշխատանքի, պահպանման եւ ապահովման պայմանները կրնան բանակցութիւններու առարկայ դառնալ երկրի նոր իշխանութիւններու հետ: