Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Կիպրոսի Նիկոսիա քաղաքէն հրատարակուող «Ազատ Ձայն» համացանցային հրատարակութեան մէջ լոյս տեսած նոյն հարթակի խմբագիր՝ Երան Գույումճեանի «Բաժնուած Կղզի»ի հատորին նուիրուած ակնարկը։
Ուրբաթ 29 Նոյեմբեր 2024-ին, կ.ե. ժամը 7:30-ին, Նիկոսիոյ Առաջնորդարանի «Վահրամ Իւթիւճեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ՝ շուրջ տասը տարիէ ի վեր հայրենադարձուած լրագրող, հրապարակախօս Սագօ Արեանի «ԲԱԺՆՈՒԱԾ ԿՂԶԻՆ» գիրքի գինեձօնը եւ նոյն գիրքին մէջ տեղ գտած զրոյց-վկայութեանց վրայ հիմնուած «ՎԻՐԱՒՈՐ ԿՂԶԻՆ» տեսաֆիլմի ցուցադրութիւնը: Տեսաֆիլմը կամ ժապաւէնը պատրաստուած է Սագօ Արեանի, Arevelk Production-ի եւ Artsakank media-ի համատեղ գործակցութեամբ եւ նուիրուած է Կիպրոսի թրքական ներխուժման 50-րդ տարելիցին:
Ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Թեմիս Կաթ. Փոխ. Տէր Կոմիտաս Արք. Օհանեանի եւ նախագահութիւնը կիպրահայ համայնքի Պետ. Ներկ. Տէր եւ Տիկ. Վարդգէս Մահտեսեանի:
«Արձագանգ» մետիայի անունով, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Պրն. Յակոբ Գազանճեան, նշելով օրուան իմաստն ու բովանդակութիւնը եւ ողջունելով Պրն. Սագօ Արեանը իր կատարած արդիւնաւէտ աշխատանքին համար:
Ապա ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին «ՎԻՐԱՒՈՐ ԿՂԶԻՆ» տեսաֆիլմը, որ կը բաղկանայ՝ Կիպրոսի թրքական ներխուժման շուրջ՝ կիպրահայ համայնքի քսան ճանչցուած անդամներու ապրած փորձառութիւններէ՝ իրենց իսկ վկայութեամբ: Ինչպէս կը գրէ Սագօ Արեան իր գիրքի «Երկու Խօսք»ին մէջ, «Առօրեայ լրագրողական նիւթերէն դուրս ինկած Կիպրոս ներխուժման թեման շատ արագ մարմին ստացաւ, շարադրուեցաւ ու Կիպրոսի մէջ ի մի բերուած բոլոր զրոյցները վերածուեցան գրքոյկի մը»: Նաեւ՝ վաւերագրական տեսաֆիլմի մը հիմնուած հաւաքուած տեսագրութիւններու վրայ:
Հեղինակը արդարեւ ընթացիկ տարուան մէջ հարցազրոյցներ կատարած է 1960-70-ականներու կիպրական դէպքերու ականատես խումբ մը հայերու հետ, որոնք կը պատմեն այդ օրերուն մասին, կը խօսին կիպրական հարցի լուծման իրենց պատկերացումներուն, ինչպէս նաեւ՝ յոյներու եւ թուրքերու հետ համատեղ նոյն կղզիին մէջ ապրելու կարելիութիւններուն մասին: Կան նաեւ մասնագէտներու եւ այլոց տեսակէտները:
«ԲԱԺՆՈՒԱԾ ԿՂԶԻՆ» գիրքին գինեձօնը կատարեցին Գերաշնորհ Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Արժանապատիւ Հայրեր Տէր Մոմիկ քհնյ. Հապէշեան, Տէր Մաշտոց Քհնյ, Աշգարեան, հիւրաբար Կիպրոս գտնուող Գերաշնորհ Տ. Թորգոմ Ս. Արք. Տոնոյան և Լիմասոլէն Գերապատիւ Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըճեան։
Իր շնորհակալութեան հակիրճ խօսքին մէջ, Սագօ Արեան անդրադարձաւ գիրքին ծննդոցին, շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքին մեկենաս Պրն, Սեպուհ Արմենակեանին, Արձագանգ մետիային եւ հարցազրոյցի մասնակիցներուն:
Իր օրհնութեան եւ սրտի խօսքին մէջ, Թեմիս Կաթ. Փոխ. Տէր Կոմիտաս Արք. Օհանեան շեշտեց որ հայութիւնը ամէնուր պահանջատէրը պէտք է մնայ իր իրաւունքներուն, այդ ոգին փոխանցէ իրերայաջորդ սերունդներուն, քանզի նշեց ան, կայսրութիւններ կրնան փլուզուիլ, աշխարհաքաղաքական իրավիճակներ կրնան փոխուիլ, բայց կարեւոր է որ մենք պատրաստ ըլլանք որպէս մէկ ու միասնական ժողովուրդ, որ տէրն է իր իրաւունքներուն: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց հեղինակին, մաղթելով անոր նորանոր յաջողութիւններ:
Հուսկ, գիրքի օրինակները վաճառուեցան՝ հեղինակին մակագրութեամբ:
Ե.Գ.
ԱԶԱՏ ԽՕՍՔ
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2024