Օրերս Լիմասոլի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած է աւանդութիւն դարձած «Տօնենք կաղանդը միասին» միջոցառումը։
Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ լրատւութիւնը՝
Լիմասոլի Ս․ Գէորգ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան (Թաղական Խորհուրդ) եւ Համազգայինի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղի միասնական աշխատանքով կազմակերպուեցաւ սովորութիւն դարձած «Տօնենք Կաղանդը Միասին » հաւաքը, Ուրբաթ 27 Դեկտեմբեր Ժամը 19։00-ին ։ Ներկայ էին 80-է աւելի մասնակիցներ ամանորի ուրախ մթնոլորտը մը մէջ։
Մասնակից կրտսերներու ուրախութիւնը երեւելի էր եւ անոնք ոչ միայն Եկեղեցւոյ սրահը՝ այլ նաեւ շրջափակին մէջ խաղացին, վազեցին ու միասնաբար լաւ ժամանակ անցուցին։ Հոգշ․ Տ․ Յովհաննէս Ծ․ Վրդ․ Սաղտըճեանի ամանորեայ պատգամէն ու աղօթքէն ետք բոլորը համտեսեցին տրամադրուած ուտելիքները նոր տարուայ երաժշտութեամբ ու երգերով։ Այս ուրախալի եւ տօնական մթնոլորտին մէջ ժամանեց Կաղանդ Պապուկը իր կոճապղպեղ ընկերոջ (gingerbread) հետ ու նուէրներ բաժնեց բոլոր մասնակիցներուն։