image

Փոքրիկն Վազգէն Քանտիլեանի մահը Սէուտական Արաբիոյ մէջ

Փոքրիկն Վազգէն Քանտիլեանի մահը Սէուտական Արաբիոյ մէջ

 Բնիկ Հալէպցի  ծնողներու  Յովիկ եւ  Սալբի  Քանտիլեաններու  զաւակ՝  Վազգէն Քանտիլեան մահացած է Սէուտական Արաբիոյ մէջ։ 

 Եղելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ  հանգուցեալ   փոքրիկին  ազգականներէն։

Կը նշուի, որ   7-ամեայ երեխան  տառապած է  ծանր  հիւանդութիւնէ, որուն համար ալ ծնողները կարեւոր ջանքեր  թափած են  ու  հետամուտ եղած   բժիշկներու  խորհուրդներուն ու թելադրանքներու  գործադրման։

Շրջան մը բարելաւում ունենալէ ետք փոքրիկին առողջական վիճակը կտրուկ վատթարացած է, որմէ ետք ալ օրերս ան փակած է իր աչքերը խոր սուգի մատնելով ծնողները, հարազատները եւ ընտանեկան բարեկամները։

Կը նշուի նաեւ, որ Վազգէնի յուղարկաւորութեան վայրը տակաւին յստակ չէ տրուած ըլլալով Սուրիոյ վերջին զարգացումները եւ դէպի Սուրիոյ թռիչքներու վերսկսման խնդիրը։

Կը ցաւակցինք բոլոր հարազատներուն յիշելով յատկապէս փոքրիկի քեռին, հալէպահայ համայնքային գործիչ՝ Տիար Յարութ Զգուշեանը։