«Արեւելք»,- Գեղեցիկ լուր ստացանք հեռաւոր Աւստրալիայէն։
Արմատներով Քեսապահայ երկու երիտասարդներ նախնական ուխտ մը կատարած են միասին շարունակելու իրենց կեանքը։
Երիտասարդները կը կոչուին՝ Սէրլի Սարգիսեան եւ Յովակ Աբէլեան եւ անոնք կը սերին Քեսապի յարգուած ընտանիքներէ։
Երիտասարդը՝ համակարգչային ուսմանց կը տիրապետէ եւ այդ ոլորտին մէջ ալ կը գործէ, իսկ օրիորդը՝ միջազգային իրաւաբանութեան ուսանող է։
Նշենք, որ երիտասարդուհիի հայրն է Վեր. Յակոբ Սարգիսեան, որ երկար տարիներ, որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայած է Քեսապի մէջ եւ անշուշտ որդին է Հայ Աւետարանական համայնքի երախտաշատ հոգեւորականներէն՝ Վեր. Աբրահամ Սարգիսեանի։
Այս առթիւ մեր սրտագին բարեմաղթութոիւնները կը յղենք իրենց ուխտը կատարած երիտասարդներուն եւ յատկապէս մեր թերթի սիրելի բարեկամներէն՝ Տիար Ստեփան Աբէլեանին, մաղթելով եւ հաւատալով, որ Քեսապէն հազարաւոր մղոններ հեռու կայացող այս նոր միութիւնը կը ծլի, կ՚աճի ու կը մեծնայ հայկական շունչով ու ոգիով ու այդպիսով ալ օրինակ կը ծառայէ սփիւռքացած հայութեան լայն շրջանակներուն։