image

Լիմասոլէն նոր շունչ եւ եռանդ. Ելոյթով ունեցած է Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ կրտսերներու երգչախումբը

Լիմասոլէն նոր շունչ եւ եռանդ. Ելոյթով  ունեցած է  Ս. Աստուածածին  Եկեղեցւոյ   կրտսերներու   երգչախումբը

 «Արեւելք»,- Իրաւացի է անշուշտ, որ բոլոր   պարագաներու  լոյսին տակ աշխատանք ստեղծողն ու ոգի  ներդնողը մարդ արարածն է։ Գործիչը, համայնքի  պատասխանատուն, բայց մանաւանդ կրօնական  գործիչը, որ  հաւատքի   եւ քրիստոնէական ուսմունքի կողքին   հայկական ոգիին  նոր   թարմութիւն կը բերէ։

Նման   զգացումներով  պատուեցանք  լսելէ ետք  Կիպրոսի   Լիմասոլ քաղաքին մէջ   տեղի  ունեցած   կարգ մը  ձեռնարկներուն եւ հանդիպումներուն մասին, որոնց յաջողութեան   կարեւոր մէկ հատուածի իրականացման ի խնդիր  հա սմոզիչ  ճիգէր տարած է  Լիմասոլի եւ Պաֆոսի  հոգեւոր հովիւ  Գերպ. Տ.  Յովհաննէս ծ.վրդ. Սաղտըճեանը։

 Այդ  առումով ալ  օրերս   Նիկոսիոյ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ կրտսերներու  երգչախումբը   ունեցած է   գեղեցիկ ելոյթ  մը,  որուն շնորհիւ ալ  համայնքին մէջ  դրական ու ջերմ մթնոլորտ մը տարածուած է։ջ

Նշենք  նաեւ, որ ձեռնարկին   նախագահած է  Կիպրոսի  հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ՝ Գերշ.  Տ. Կոմիտաս  արք. Օհանեան։

Ստորեւ այդ  մասին    Լիմասոլի    Սուրբ  Գէորգ եկեղեցւոյ   դիմատետրեան  էջին   վրայ  տեղ գտած գրառումը։

 

 

«Եթէ այսօր, մենք չարտայայտուինք, կիպրոս կղզիի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ այս սուրբ քարերը իրե՛նք պիտի աղաղակեն եւ ըսեն. «Սիրելի ժողովուրդ հայոց մեր պատանիները մեր ներկան եւ ապագան են, ձեր երգեցողութեամբ անկորնչելի արեւ եւ շող բերիք եկեղեցւոյ երկնակամարին վրայ, որուն լոյսով լուսաւորուեցաւ բովանդակ մեր չքնաղ կղզին»։

+++++++++++

Կիրակի 22 Դեկտեմբեր 2024-ին, Լիմասոլի մէջ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կրտսերներու երգչախումբը մասնակցեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագին։

Նախագահութեամբ՝ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Տ . Կոմիտաս Արք. Օհանեանի»։