image

Թուրքիա. Օրտուի մէջ գտնուած հայատառ գերեզմանաքարը պահպանութեան տակ առնուած է

Թուրքիա. Օրտուի մէջ գտնուած հայատառ գերեզմանաքարը պահպանութեան տակ առնուած է

«Ակօս»-ի կայքէջէն կը տեղեկանանք, թէ Օրտուի Ալթընօրտու գաւառին մէջ գտնուած հայատառ գերեզմանաքարը պահպանութեան տակ առնուած է։

Աղբիւրին համաձայն՝ Օրտուի ոչ-մահմետական բնակչութեան նիւթերուն շուրջ իր ուսումնասիրութիւններով ծանօթ Կիւվեն Պայարի նախաձեռնութեամբ պահպանութեան տակ առնուած գերեզմանաքարը կը պատկանի Իմաստուհի Յ․ Վարդեանին։ Գերեզմանաքարին վրայ նաեւ նշուած է. «Ննջեալ ի Տէր»։

Գերեզմանաքարին թուականն է՝ 1901 Դեկտեմբեր 22։

Պայար այս նիւթին շուրջ հետեւեալը գրառած է Դիմագիրքի իր էջին.

«Այս տարածքներուն մէջ դարեր շարունակ ապրած հազարաւոր օրտուցի հայերէն ցարդ ո՛չ մէկ հայատառ գերեզմանաքար մեզի հասած էր։ Կը յուսամ, որ այս դէպքը առիթ կը հանդիսանայ, որ ամէն մարդ աւելի ուշադիր եւ նրբանկատ ըլլայ։ Թող ննջեցեալը հանգչի խաղաղութեամբ»։