image

Վիշտի եւ մորմոքի խօսքեր. Իրմա Գապագեան-Տէտէեանի կորուստը Գանատայի մէջ (Լուսանկար)

Վիշտի եւ մորմոքի խօսքեր. Իրմա Գապագեան-Տէտէեանի կորուստը Գանատայի մէջ (Լուսանկար)

Վերջին տարիներուն Գանատա հաստատուած Իրմա Գապագեան Տէտէեան մահացած է յետ կարճատեւ եւ ծանր հիւանդութեան։

 Իրմայի կորուստի բօթը տարածուած է կայծակնային արագութեամբ ու այդ տխուր առթիւ բազում օգտատէրեր կսկիծի եւ ափսոսանքի խօսքերով հանդէս եկած են։

 Նշենք, որ Իրմայի անունը յայտնի էր Պէյրութի բեմական-թատերական շրջանակներուն ու նաեւ «Վանայ Ձայն» ռատիօկայանի միջավայրին մէջ, ուր ան հանդէս կու գար, որպէս հմուտ եւ նրբազգաց ասմունքով ու նաեւ կը ներկայացնէր գրական-մշակութային հաղորդումներ։ Իրման նուիրեալ մայր էր երեք զաւակներու ու սիրեցեալ կինը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի երկար տարիներու դիւանապետ եւ բանաստեղծ՝ Խաչիկ Տէտէեանի։

 Այս առթիւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յղենք հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ ի մասնաւորի անոր ամուսնոյն՝ Խաչիկ Տէտէեանին։

 

Ստորեւ կը ներկայացնենք Իրմայի կորուստին առթիւ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի վարժարանի հակիրճ մահագրականը, ուր հանգուցեալը կը ծառայէր, որպէս դաստիարակ վերջին ամեակներուն։

 

Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի կրթական մարմինը, տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն մահը մեր անձնակազմի շատ սիրելի անդամ՝ Տիկին Իրմա Տէտէեանի, որ պատահեցաւ այսօր՝ առաւօտեան ժամերուն: Տիկին Իրման հայերէն լեզուի սէրն ու ասմունքի իր տաղանդը կարճ ժամանակամիջոցին իսկ եռանդով փոխանցեց իր աշակերտներուն ներշնչելով զանոնք սիրելու իրենց մայրենի լեզուն եւ հպարտ զգալու իրենց ինքնութեամբ: Իր վարակիչ ժպիտն ու լուսեղէն ներկայութիւնը կը լուսաւորէր մեր առօրեան արժանանալով մեր բոլորին յարգանքին: Իր արտասանած իւրաքանչիւր տողը յաւերժ պիտի մնայ մեր մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ: Հանգչի՛ր խաղաղութեամբ, սիրելի Տիկին Իրմա, եւ բարի երթ դէպի երկնային արքայութիւն