Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը գալիք Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի առթիւ ջերմօրէն շնորհաւորած է շարք մը պետութիւններու ղեկավարները։
Ըստ Քրեմլի կայքի՝ Փութինը շնորհաւորած է ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, նախկին նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանը եւ Սերժ Սարգսեանը:
Ռուսիոյ նախագահէն շնորհաւորանքներ ստացած են նաեւ Ատրպէյճանի, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի, Ղրղզստանի, Տաճիկստանի, Թուրքմենստանի, Ուզպեքստանի, Թուրքիոյ եւ այլ պետութիւններու ղեկավարներ:
Փութինը ԵՄ երկիրներու ղեկավարներէն շնորհաւորած է միայն Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանը, Սլովաքիոյ վարչապետ Ռոպերթ Ֆիցոյը եւ Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչը։