image

Առանձին շրջաններու մէջ անձրեւները յորդառատ պիտի ըլլան

Առանձին շրջաններու մէջ անձրեւները յորդառատ պիտի ըլլան

Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին յուլիս 27-28-ին, 29-ի գիշերը ժամանակ առ ժամանակ շրջաններու զգալի մասին մէջ կը սպասուի անձրեւ եւ ամպրոպ, առանձին հատուածներու մէջ՝ յորդառատ, հնարաւոր է նաեւ կարկուտ։ Յուլիս 29-ի եւ 31-ի ցերեկը առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ։ Յուլիս 30-ին, 31-ի գիշերը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ 

Քամին հիւսիսարեւելեան է, 2-5մ/վ արագութեամբ, ամպրոպի ժամանակ կը սպասուի քամիի ուժգնացում` 18-23մ/վ արագութեամբ: Երեկոյեան ժամերուն Արմաւիրի, Կոտայքի եւ Արագածոտնի նախալեռներուն մէջ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 17-20մ/վ արագութեամբ։

Երեւան քաղաքի մէջ յուլիս 27-28-ին, 29-ի գիշերը կը սպասուի անձրեւ եւ ամպրոպ, քաղաքի առանձին հատուածներու մէջ՝ յորդառատ։ Յուլիս 29-ի ցերեկը, 30-31-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ Կը սպասուի նաեւ քամիի ուժգնացում՝ ամպրոպի ժամանակ՝ 18-22մ/վ, երեկոյեան ժամերուն՝ 17-20մ/վ արագութեամբ։

Մայրաքաղաքի մէջ յուլիս 27–ի ցերեկը պիտի ըլլայ 31-33 աստիճան տաքութիւն, իսկ երեկոյեան ժամերուն պիտի գրանցուի +24...+26 աստիճան։