Թրամփի եւ անոր պարտուած խումբին՝ Իրանը շրջափակելու ծրագիրները նոյնքան պատրանքային եւ ապարդիւն են, որքան անոնց ձախողած պատերազմական ռազմավարութիւնը։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի Գերագոյն առաջնորդին խորհրդական Մոհսեն Ռեզային։
«Իրանի ժողովուրդը, զինուած ուժերը եւ պետական ամբողջ համակարգը վճռական են՝ շրջափակումը խորտակելու եւ որեւէ նոր յարձակման ամբողջ ուժով պատասխանելու», նշած է ան։