Վերջին մէկ տարուան ընթացքին Ատրպէյճանի տարածքով Հայաստան փոխադրուած է աւելի քան 100 հազար թոն բեռ։ Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ Նոյեմբեր 25-ին ընդունելով Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Քեսթութիս Պուտրիսը։
Ալիեւի խօսքով՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին զուգահեռ երկու երկիրներուն միջեւ կը ձեւաւորուին տնտեսական եւ առեւտրական կապեր։ Ան նշած է, որ ստեղծուած են նաեւ երրորդ երկիրներէն դէպի Հայաստան եւ Հայաստանէն դէպի երրորդ երկիրներ Ատրպէյճանի տարածքով բեռներու տարանցման կարելիութիւններ։
Ատրպէյճանի նախագահը աւելցուցած է, որ Պաքու պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ամրապնդման ուղղութեամբ։