image

Միտում չունինք խզելու մեր կապերը՝ Ռուսիոյ հետ. Կոստանեան

Միտում չունինք խզելու մեր կապերը՝ Ռուսիոյ հետ. Կոստանեան

Մենք միտում չունինք խզելու Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները, ճգնաժամ ստեղծելու կամ կամուրջներ այրելու։ Ռուսիա կը շարունակէ կարեւոր գործընկեր մնալ Հայաստանի համար։ Այս մասին Հանրային հեռուստատեսութեան եթերով յայտարարած է Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեան։

Ան յայտնած է, թէ Նիկոլ Փաշինեան ինչ օրակարգով պիտի մեկնի Մոսկուա՝ Դեկտեմբերի 3-ին։

«Մեր օրակարգն է վերանայել խնդիրները, որոնք վերջին ժամանակաշրջանում կուտակուած են հայ-ռուսական յարաբերութիւններում»։

Կոստանեան ընդգծած է, որ Հայաստան յոյս ունի, որ ռուս գործընկերները եւս նոյն մօտեցումը ունին առաջիկայ հանդիպման նախապատրաստութեան հարցով, եւ Մոսկուայի մէջ քննարկումները պիտի ընթանան գործընկերային մթնոլորտի մէջ։