image

Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան այցը Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Կեդրոն. Առիթը Ֆրեզնոյի հայկական համայնքի օգնութեան յանձնումն էր

Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան այցը Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Կեդրոն. Առիթը Ֆրեզնոյի հայկական համայնքի օգնութեան յանձնումն էր

Բերիոյ  Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, օրերս, այցելած է Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Ընկերաբժշկական Կեդրոն, յանձնելու Ֆրեզնոյի Հայ Համայնքին  կողմէ կատարուած դեղորայքի  օժանդակութիւնը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Թեմի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ ատոր մասին տրուած լրատւութիւնը՝

Երեքշաբթի, 22 Յուլիս 2025-ի առաւօտուն Բերիոյ  Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան այցելեց Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Ընկերաբժշկական Կեդրոն, յանձնելու Ֆրեզնոյի Հայ Համայնքին  կողմէ կատարուած դեղորայքի  օժանդակութիւնը, որ իրականացած էր  գլխաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Ֆրեզնոյի  Պատւոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի։

Սրբազան հօր կ'ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ . Գալաճեան, ինչպէս նաեւ Ազգ. Վարչութեան ու Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչները։

Սրբազան հայրը ջերմապէս դիմաւորուեցաւ ՍՕԽաչի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկհ. Զեփիւռ Գէորգեանի, առողջապահական յանձնախումբի մօտ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Սեդա Կէրկէրեանի, առողջապահական յանձնախումբի ընկերուհիներուն  եւ դարմանատան տնօրէնուհիին կողմէ։

Սրբազան հայրը յիշեալ  յանձնախումբին յանձնելով նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը բարձրօրէն  գնահատեց սոյն նախաձեռնութիւնը եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի զաւակներուն ու ՍՕԽաչի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրեզնոյի Հայ Համայնքին, Պատւոյ հիւպատոսին ու  իր գործակիցներուն, որոնք ինչպէս նախորդ տարուան ընթացքին  այս տարի եւս սոյն օժանդակութեամբ իրենց եղբայրասիրութիւնը  արտայայտեցին Հալէպահայութեան։  Ան իր հայրական օրհնութիւններն ու աղօթքը ուղղեց մաղթելով արեւշատ ու Աստուածային օրհնութեամբ լեցուն տարիներ։