Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գերատեսչութեան ղեկավար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահեան միջուկային ծրագրի թեման հեռախօսով քննարկած է Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով Բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելի հետ:
Ապտըլ Լահեան նշել է, որ «բանակցութիւնները լաւ կ'ընթանան, սակայն դանդաղ են»: Նախարարը համագործակցութեան համար շնորհակալութիւն յայտնած է Եւրոմիութեան արտաքին ծառայութեան:
Ան ըսած է, որ իրանեան կողմին նպատակն է «ապահովել բոլոր անարդար պատժամիջոցներու չեղարկումը»: