image

Անթառամ յիշատակ՝ նուիրեալ հոգիի մը հրաժեշտը. Ոչ եւս է Սոնիա Կարմիրեան Զավզավաճեանը

Անթառամ յիշատակ՝ նուիրեալ հոգիի մը հրաժեշտը. Ոչ եւս է Սոնիա Կարմիրեան Զավզավաճեանը

Կեանքի ճամբուն վրայ կան անձեր, որոնց ներկայութիւնը լուռ, բայց մնայուն օրհնութիւն կը դառնայ համայնքին համար։
Անոնք իրենց հաւատքով, ծառայասիրութեամբ եւ նուիրումով կը ձգեն հետքեր, որոնք ժամանակը անկարող է ջնջել։
Այդպիսի արժէքաւոր դէմք մըն էր հանգուցեալ Տիկին Սօնեա Կարմիրեան Զավզավաճեանը, որուն յիշատակը սիրով եւ երախտագիտութեամբ պիտի պահպանուի։

Ոչ եւս է Տիկին Սոնիա Կարմիրեան Զավզավաճեանը։

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը խոր վիշտով կը գուժէ իր սիրելի անդամներէն՝ բարեպաշտ, հեզ եւ ազնիւ Տիկին Սբնեա Կարմիրեան Զավզավաճեանի մահը, որ պատահեցաւ Լոս Անճըլըսի մէջ, 13 Յունիս 2026-ին։

Հանգուցեալ  Տիկին Սոնեան երկար տարիներ անսակարկ նուիրուածութեամբ շարունակած է իր անդամակցութիւնն ու բարերար գործունէութիւնը Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումին մէջ։ Վերջերս ան արժանացած էր երեսունհինգ տարիներու ծառայութեան յուշանուէրին՝ ի գնահատանք իր հաւատարիմ եւ օրինակելի մասնակցութեան։

Տիկին Սոնեան անսահման հաւատք եւ խոր սէր ունեցած է Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումին, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ անսասանութեան հանդէպ, եւ մշտապէս զօրավիգ կանգնած է մեր համախմբումի գործունէութեան։

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը իր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնէ հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն։ Տիկին Սոնիայի յիշատակը անթառամ պիտի մնայ մեր բոլորին սրտերուն մէջ։

Աստուած հոգին լուսաւորէ։

Խունկ եւ աղօթք՝ իր անմահ յիշատակին։