image

«Անհիմն ու կողմնակալ». Ատրպէյճան արձագանգած է Եւրոխորհրդարանի բանաձեւին

«Անհիմն ու կողմնակալ». Ատրպէյճան արձագանգած է Եւրոխորհրդարանի բանաձեւին

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է երէկ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ ընդունուած «Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ առաւել սերտ կապերու եւ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի անհրաժեշտութեան մասին» բանաձեւին:

Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Այխան Հաճիզատեն ըսած է, որ «Հակառակ որ բանաձեւը կը ներկայացուի որպէս խաղաղութեանն աջակցելու քայլ եւ իբր նուիրուած է Եւրոմիութեան եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն, իրականութեան մէջ այն Ատրպէյճանի դէմ զրպարտչական արշաւի» շարունակութիւնն է»։ 

Հաճիզատեն բանաձեւը որակած է «անհիմն ու կողմնակալ, Ատրպէյճանի նկատմամբ հերթական երկակի չափանիշերու վառ օրինակ»: Ան նշած է, որ բանաձեւն առաջ մղած է Հայաստանը:

Հաճիզատեն Եւրոխորհրդարանին կոչ ըրած է զբաղելու «աւելի լուրջ խնդիրներով», մասնաւորապէս՝ «ցեղային խտրականութեան, իսլամաֆոպիայի, այլատեացութեան, ծայրայեղականութեան եւ գաղթականներու նկատմամբ անմարդկային վերաբերմունքի» հարցերով: