image

Անաղմուկ թաղում ՝ Ալան Տըլոնի (Լուսանկար)

Անաղմուկ թաղում ՝ Ալան Տըլոնի (Լուսանկար)

Ֆրանսացի դերասան Ալան Տըլոնի թաղումը տեղի ունեցած է 24 օգոստոսին, իր կալուածքին՝ Տուշիի համայնքին մէջ (Օռլեանի մօտ)։

Արարողութեան մասնակցած են անոր երեք երեխաները եւ մերձաւոր ընկերները, գրած է ԹԱՍՍ։ Դերասանը պիտի հանգչի այն ժամատան մէջ, որ ան կառուցած է ամրոցի տարածքը։ Դեռ կենդանութեան օրօք ան կարգադրած է զինք յուղարկաւորել նեղ շրջանակով՝ ոչ մէկ պաշտօնական ու հոգեւոր արարողութեամբ։

Միեւնոյն ժամանակ, յուղարկաւորութեան արարողութենէն առաջ Տըլոնի որդիները՝ Անթընին եւ Ալէն-Ֆապիէնը, դուրս ելած են ամրոցէն, որպէսզի շնորհակալութիւն յայտնեն դերասանի բազմաթիւ երկրպագուներուն, որոնք ծաղիկներ բերած էին կալուածքի ցանկապատի մօտ։ Տըլոնի տաղանդի երկրպագուները ի յիշատակ անոր՝ երգած են Paroles...Paroles-ն, որ ան կատարած է ֆրանսացի երգչուհի եւ դերասանուհի Տալիտայի հետ միասին։

Տըլոնին կը պատկանի ֆրանսական շարժանկարչութեան բացարձակ մրցանիշը՝ անոր մասնակցութեամբ շարժանկարները դիտուած են ընդհանուր առմամբ 135 միլիոն հանդիսատեսի կողմէ։