image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ. Վերջին օծում եւ թաղում վախճանեալ Տ. Յուսիկ Աւ. Քահանայի

Հալէպ. Վերջին օծում եւ թաղում վախճանեալ Տ. Յուսիկ Աւ. Քահանայի

Վերջին օծումի եւ թաղման կարգի արարողութեան ներկայ գտնուեցան քրիստոնեայ եկեղեցիներու համայնքապետեր, հոգեւորականներ, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի, Ազգային Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ, հալէպահայ միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ժողովուրդի մեծաթիւ բազմութիւն։

Բերիոյ (Հալէպի) Թեմի պաշտօնական էջէն կը կարդանք ՝

Երկուշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2025-ին, առաւօտեան ժամը 09։30-ին, հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, կատարուեցաւ ի Տէր հանգեալ հայ եկեղեցւոյ ծառայ, Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս երկար տարիներու Քահանայ Հայր, լուսահոգի Տ. Յուսիկ Ա. Քհնյ. Սեդրակեանի վերջին օծման եւ թաղման կարգի արարողութիւնը, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան։ 

Վերջին օծումի եւ թաղման կարգի արարողութեան ներկայ գտնուեցան քրիստոնեայ եկեղեցիներու համայնքապետեր, հոգեւորականներ, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի, Ազգային Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ, հալէպահայ միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ժողովուրդի մեծաթիւ բազմութիւն։

Սրբազան Հօր պատգամին բնաբանն էր Յովհաննու Աւետարանի հետեւեալ համարը. «Ով որ ուզէ ինծի ծառայել՝ պէտք է ինծի հետեւի, եւ ինծի ծառայողը պիտի ըլլայ հոն՝ ուր ես կը գտնուիմ: Եւ Հայրս պիտի պատուէ ինծի ծառայողը» (Յհ 12.26), որուն ընդմէջէն յայտնեց, թէ մարդուն կեանքը կ՚արժեւորուի ուրիշներուն համար իր մատուցած ծառայութեամբ։ Այլ խօսքով, ծառայել կը նշանակէ Քրիստոսը մարմնաւորել մեր կեանքին մէջ, մեր առաջնահերթութիւնները ճշդել եւ Քրիստոսի նման անձնուրացութեամբ ծառայել ուրիշներուն բարիքին համար։

Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ այսօր հրաժեշտ կու տանք ծառայասէր Քահանայ Հօր, որ Քահանայութեան կոչում ստացած օրէն աւելի քան 50 տարիներ բազմակողմանի ոլորտներու մէջ անշահախնդրօրէն իր ծառայութիւնը մատուցեց, գործելով Քեսապի մէջ որպէս տնօրէն, դասատու, հոգեւոր տեսուչ, ապա նաեւ Տէր Զօրի, Ռաքքայի շրջանի հոգեւոր հովիւ։ Ան Ազգ. Կրօնական Ժողովի, Դատաստանական Խորհուրդի, Վերաքննիչ Ատեանի, Կիրակնօրեայ Դպրոցի, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի եւ այլ բնագաւառներէ ներս ամբողջական նուիրումով ծառայեց, յատկապէս կարեւորութիւն տալով ժողովուրդի չքաւոր խաւին, նոյնիսկ իր կեանքը վտանգելով անոնց օգտակար դառնալով։

Սրբազան Հայրը երանի տուաւ Քահանայ Հօր, որ ամբողջական ծառայութեամբ Քրիստոսի անուշ բոյրը տարածեց մարդոց մէջ, նշելով, որ թէեւ Քահանայ Հայրը այսօր մարմնապէս ննջած է, բայց իր հոգեղէն ներկայութեամբ առաքեալին բառերով կը յայտարարէ. «Բարի պատերազմս մղեցի, ընթացքս աւարտեցի եւ հաւատքը պահեցի»։

Սրբազան Հայրը, յանուն ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, կաթողիկոսութեան միաբանութեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներու եւ ազգային մարմիններու ցաւակցութիւնները յայտնեց լուսահոգի Քահանայ Հօր երէցտիկնոջ, զաւակներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն, յայտնելով, որ այստեղ ներկայ գտնուող քրիստոնեայ եկեղեցիներու հոգեւորականներ թէ մարդիկ, որոնք գործ ունեցած են Քահանայ Հօր հետ, կը վկայեն ըսելով, որ ան հրաշալի վաստակ ունեցող Քահանայ էր։

Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը, թեմի հոգեւորականաց դասը, լուսահոգի Քահանայ Հօր երէցկինն ու զաւակները, ցաւակցութիւններ ընդունեցին եկեղեցւոյ «Նիկոլ Աղբալեան» սրահէն ներս, ուր ՀԵՄ-ի կողմէ դամբանական խօսք արտասանուեցաւ։

Վախճանեալ Քահանայ Հօր մարմինը փոխադրուեցաւ Ազգային Գերեզմանատուն, ուր կատարուեցաւ Գերեզմանի կարգ եւ Քահանայ Հօր մարմինը թաղուեցաւ Քահանայից դամբարանին մէջ։ 

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։