Հոկտեմբեր 18-ին Միացեալ Նահանգները վեթօ դրած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւի վրայ, որ կը դատապարտէ ՀԱՄԱՍ-ի յարձակումները Իսրայէլի վրայ եւ բռնութիւնը խաղաղ բնակիչներու նկատմամբ՝ յայտարարելով, որ այն չի պարունակեր Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքի մասին ձեւակերպումներ, գրած է The Hill-ը։
«Ասոշիէյթըտ փրես»-ի հաղորդմամբ, ԱՄՆ-ն, 15 անդամէ բաղկացած Անվտանգութեան խորհուրդի միակ անդամն էր, որ դէմ քուէարկած է բանաձեւին, 12 երկիր կողմ քուէարկած է, եւս երկու երկիր ձեռնպահ մնացած է:
Առաջարկուող բանաձեւը կը դատապարտէ ՀԱՄԱՍ-ի յարձակումը Իսրայէլի վրայ եւ բռնութիւնը խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ եւ կոչ կ'ընէ «մարդասիրական դադար» ընելու, որ օգնութիւնը հասնի Կազայի հատուածին մէջ բնակող խաղաղ բնակիչներուն: