image

ՄԱԿ Ընդհանուր վեհաժողովը հաստատած է երկու պետութեան սկզբունքով իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութիւնը կարգաւորելու բանաձեւը

ՄԱԿ Ընդհանուր վեհաժողովը հաստատած է երկու պետութեան սկզբունքով իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութիւնը կարգաւորելու բանաձեւը

ՄԱԿ Ընդհանուր վեհաժողովը հաստատած է երկու պետութեան սկզբունքով իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութիւնը կարգաւորելու մասին բանաձեւը:

Փաստաթուղթը կոչ կ'ընէ խաղաղ ճանապարհով դադրեցնելու պատերազմը եւ վերադարձնելու «Համաս»-ի գերեվարած անձերը: Կ'ընդգծէ «Համաս»-ի զինաթափման, Իսրայէլի եւ արաբական երկիրներու յարաբերութիւններու բարելաւման եւ անվտանգութեան համապարփակ երաշխիքներու կարեւորութիւնը:

Բանաձեւի ընդունման օգտին քուէարկած է 142 պետութիւն, դէմ՝ 10 երկիր, անոնց կարգին՝ Իսրայէլը, Միացեալ Նահանգները, Հունգարիան, 12 պատուիրակ ձեռնպահ մնացած է։

ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի տեւական ներկայացուցիչը քննադատած է բանաձեւը՝ կարծիք յայտնելով, որ այն կը խրախուսէ «Համաս»-ը։ Պաղեստինի տեւական դիտորդ Ռիատ Մանսուրն ալ յորդորած է, իր ձեւակերպմամբ՝ պատերազմը շարունակող եւ պաղեստինցիները ոչնչացնող կողմին լսել բանականութեան ձայնը։

Աւելի վաղ Մեծ Բրիտանիան, Գանատան, Ֆրանսան եւ Պելճիքան յայտարարած էին, որ առաջիկային կը պատրաստուին ճանչնալ Պաղեստին պետութիւնը: Իսրայէլի վարչապետը յայտարարած է, որ նման բան թոյլ չեն տար: